Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Հանրաքուէն Տեղի Պիտի Ունենայ 6 Դեկտեմբերին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն 2015 թուականի Դեկտեմբեր 6­-ին նշանակելու մասին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը, հրամանագիրին մէջ նշուած է.

«Ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 111րդ յօդուածի 2­րդ եւ 5րդ մասերով, հիմք ընդունելով «Հանրաքուէի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 7րդ յօդուածի 6րդ մասը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու վերաբերեալ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նախաձեռնութեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կողմէ տրուած համաձայնութիւնը` կ՛որոշէ.

  1. Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն նշանակել 2015 թուականի Դեկտեմբեր 6ին:
  2. Սոյն հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման յաջոր օրուընէ»:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին