Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Նիւ Եորքի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ Տարելիցին Նուիրուած Յուշարձան Տեղադրուած Է

Ամերիկացի յայտնի ձեւաւորող Մայքլ Արամի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած քանդակը՝ տեղադրուած է Նիւ Եորքի մէջ 6 Հոկտեմբերին: Այս մասին կը յայտնէ News.am-ը:  13 մեթր պողպատէ յուշարձանը Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ դիմացն է:

«Ներգաղթ» անունը կրող քանդակը 1915ի իրադարձութիւններու մասին պատմող յուշարձան ու վերապրելու եւ ուժի վկայութիւն է: Ձեւաւորողը նախագիծին վրայ աշխատած է պատմաբաններու հետ միասին, որպէսզի կազմէ հայկական տարածքները ներկայացնող քարտէզի ձեւը, նախքան այդ տարածքներու բռնագրաւումը եւ մարդոց աքսորն ու ջարդերը», կը գրէ hfnmag.com-ը:

«Ես յոյս ունիմ, որ օր մը երախաներուս հետ կը կանգնիմ այս յուշարձանին դիմաց եւ անոր միջոցով դիւրին ձեւը կը գտնեմ ցաւոտ անցեալի մասին խօսելու համար», ըսած է ձեւաւորողը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին