Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Նալպանտեան Կոչ Ուղղեց Նոր Ցեղասպանութիւններ Եւ Յանցագործութիւններ Չարտօնելու

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է ջանքերը մէկտեղել՝ մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններ եւ նոր ցեղասպանութիւններ չարտօնելու: Երեւանի մէջ Ֆրանքոֆոնի կազմակերպութեան քննարկումներու արդիւնքենրը եզրափակող մամլոյ ասուլիսի ընթացքին՝ նախարարը յայտարարեց, որ բոլոր երկիրները սատարած են նախաձեռնութեան: Իսկ Սենեկալի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ կազմակերպութեան անդամ երկիրները միասնաբար պիտի պայքարին ցեղասպանութիւններու դէմ: Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլա Ժան յայտարարեց, որ իրենք կը միանան Հայաստանի ցաւին եւ ուժին: Համաժողովին մասնակից պատուիրակութիւններու ղեկավարները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, նաեւ ծանօթացան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ցուցանմուշներուն եւ Ցեղասպանութեան դրուագներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին