Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Մայրաքաղաք Երեւանի 2797 Ամեակի Նշում

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը երէկ դարձաւ 2797 տարեկան: Այս առթիւ մայրաքաղաքի փողոցներուն վրայ՝ վերջին երկու օրերուն կազմակերպուեցան աւելի քան 34 տօնական ձեռնարկներ, որոնք ներգրաւեցին ինչպէս քաղաքի բնակիչները, այնպէս ալ զբօսաշրջիկները, որոնցմէ շատեր յատուկ այս առթիւ ժամանած էին Հայաստան: Առաւօտեան մաքրուեցան Երեւանի մէջ գտնուող բոլոր յուշարձանները, քաղաքապետարանին առջեւ տեղի ունեցաւ ձեռնարկներու բացման պաշտօնական հանդիսութիւն, ապա աւանդական երթը. աւելի ուշ քաղաքի բոլոր հրապարակներուն վրայ տեղի ունեցան մարզական եւ արուեստի զանազան ձեռնարկներ, նաեւ երախաներու յատուկ միջոցառումներ: Իսկ երէկ երեկոյեան Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն՝ պաշտօնական անձնաւորութիւններու, հիւրերու եւ ժողովուրդի մասնակցութեամբ: Նշենք, որ Երեւանի 2797րդ տարեդարձի խորագիրն է «Իմ ջերմ ու բարի քաղաք»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին