Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Հալէպի Հայ Ուսուցիչները Ծանր Պայմաններու Տակ Կը Գոյատեւեն

Հալէպ մնացող եւ իրենց առաքելութիւնը շարունակող հայ  ուսուցիչները   բաւական  քիչ գումար կը վաստակին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արեւելք» կայքը: Ըստ «Արեւելք»ի Հալէպի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն ամսականները 60-120 ամ. տոլար են, որ  շատ  քիչ  գումարներ են` նկատի առնելով քաղաքին մէջ  տիրող  ընդհանուր  ծանր  իրավիճակը:  Ուսուցիչները  կը ստանան նաեւ 12-13 տոլարի  յաւելեալ նուէր մը:  «Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ  Ազգային դպրոցներու պաշտօնեաները անցեալ տարեշրջանին 2 անգամ ստացած են 30-35 տոլարի  յատկացում մը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Ազգային վարժարաններու պատասխանատուները լրջօրէն կը մտածեն ամսականի կարեւոր յաւելում մը կատարել իրենց պաշտօնեաներուն: Այս  խօսակցութիւններուն  լոյսին  տակ միւս  դպրոցներու    պաշտօնեաները եւս կը յուսան,  որ  յաւելման պարագային իրենց պատասխանատուներն ալ պիտի ստիպուին  նոյն քայլին դիմել: Տեղին է  նշել,  որ հայ ուսուցիչները  մեծ  մասամբ   իգական սեռի  ներկայացուցիչներ  են, որոնք յաճախ     տան միակ  դրամ    վաստակողներն են:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին