Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Փաստը «Հերքող» Հերթական Գիրքը

Թուրքիա կը խմբագրէ իր պատմութիւնը` Ցեղասպանութենէն զերծ «պատմական» գիրքեր հրապարակելով:

Թուրքիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ժխտման ուղղուած  պետական քաղաքականութեան ծիրէն ներս՝ լոյս տեսած է հերթական գիրք մը: Գիրքին անուանումն է` «Հայկական հարցի 100րդ տարին. պնդումներ, սուտեր, ճշմարտութիւններ»:

Ինչպէս կը յայտնէ ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով ife.org.tr կայքը, 15 յօդուածներէ բաղկացած գիրքը կ՛անդրադառնայ Հայկական հարցին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն` պատմական, քաղաքական եւ ընկերային տեսանկիւններէ:

Գիրքը բնականաբար տուրք կու տայ ժխտողական քաղաքականութեան դրոյթներուն:

Կը նշուի, որ գիրքին ստեղծման անհրաժեշտութիւնը յառաջացած է, քանի որ «Հայկական հարցը կը շարունակէ առաջին օրուան պէս արդիական մնալ, հակառակ որ արդէն 100 տարի անցած է»:

Գիրքը կազմած են15 համահեղինակներ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին