Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Հրատապ Հաղորդագրութիւն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն

Հիմնուելով ռամկավար եւ ազատական մեր սկզբունքներուն վրայ եւ յանուն ազատ խօսքի ու կարծիքի մեր դաւանանքին, տեղ կու տանք մեզի հասած սոյն հաղորդագրութեան, որ իր ձեւին մէջ ուղղուած է ընդդէմ մեր իսկ Միութեան Ամերիկայի ղեկավարութեան իսկ խորքին մէջ ան կ՛արտայայտէ ցաւ մը, որ բոլորիսն է:

Վստահ ենք, որ խնդրոյ առարկայ կողմը ունի նաեւ իր տեսակէտն ու արդարացուցիչը: Լիայոյս ենք, որ ան հանրութեան համար կ՛ըլլայ  յամոզիչ:

«Խմբ.»

[divide width=»medium»]

Հրատապ Հաղորդագրութիւն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն

Ցաւ է մեզի համար խօսիլ ԹՄՄ «Արշակ Տիգրանեան» դպրոցի անփառունակ վախճանին մասին, որովհետեւ խնդրոյ առարկան երբեմնի յարգանք վայելող  պատկառելի կրթօճախ մըն էր հայ գաղութէն ներս։ Հալիվուտի Սբ․Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ շուքին ներքոյ՝ ԹՄՄ «Արշակ Տիգրանեան» դպրոցը միշտ ալ վայելած է ծուխին հովանաւորութիւնը։ Արեւմտեան Թեմի մեր բարերարները տարիներ շարունակ տարածած են իրենց հոգածութիւնը դպրոցին վրայ։

Երբ անուղղակի կերպով տեղեակ դարձանք դպրոցի վաճառքի որոշման մասին, Սբ․ Յովհաննու Կարապետ Ծուխը, ի դէմս Արեւմտեան Թեմի, հարազատութեան զգացումներով, ինչպէս նաեւ՝ հայ դպրոցի դռները բաց պահելու ազնիւ ցանկութեամբ զայն գնելու առաջարկ ներկայացուց Թէքէեան Մշակութային Միութեան՝ հաշուի առնելով նաեւ անշարժ գոյքի այսօրուան շուկայական գները։ Նման ծանր նիւթական եւ վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնելը, նախեւառաջ, մեր բարոյական պարտքը համարեցինք Աստուծոյ օգնականութեան ապաւինելով՝ միայն թէ չօտարուի հայ դպրոցը։ Այս առաջարկին սատար կեցան նաեւ Թեմական Խորհուրդը եւ համայնքի շատ մը պատկառելի անձեր՝ հիմք ունենալով կրթական մարզէն ներս Թեմիս «Յովսէփեան» դպրոցին ունեցած յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները։ Առաջնորդ Սրբազանի կողմէ ստորագրեալ 18 Մայիս, 2015 թուակիր պաշտօնական նամակը սակայն, ցաւ ի սիրտ, չընդունուեցաւ նոյն բարեացկամութեամբ։ 9 Յունիս, 2015-ին ստացանք Թէքէեան Մշակութային Միութեան Նախագահի կողմէ ստորագրեալ պատասխան նամակը 4 Յունիս 2015 ամսաթիւով, ուր ԹՄՄ Հոգաբարձութիւնը անվստահութիւն կը յայտնէ Թեմին եւ չի տեսնէր դպրոցը բաց պահելու երաշխիքներ։ Այս պատճառաբանութեամբ ԹՄՄ Հոգաբարձութիւնը կը մերժէ Արեւմտեան Թեմին առաջարկը եւ դպրոցին շէնքը կը վաճառէ այլ կազմակերպութեան՝ զուտ շուկայական հաշիւներէ ելնելով։

Կը տարածենք այս հաղորդագրութիւնը, որովհետեւ գաղութը իրաւունք ունի գիտենալու եղելութիւնը եւ այն, որ Սբ․ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ եւ Արեւմտեան Թեմին  երկարած փրկութեան ձեռքը, բարի կամքը եւ դպրոցը պահելու յանձնառութիւնը ստորադասուեցաւ շուկայական շահին, յարդիւնս որու օտարուեցաւ հայ դպրոցը եւ տուժեց հայ աշակերտը։

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին