Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Վալերի Պուայէ․ «Ցեղասպանութեան Ժառանգները Ստիպուած Էին Հանդուրժելու Ազգայնականներու Ժամանումը»

Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վալերի Պուայէ 7 Հոկտեմբերին գրաւոր հարցում մը ուղղած է Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուսին, դժգոհութիւն եւ տարակուսանք յայտնելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Էրտողանի` Սթրազպուրկի մէջ ունեցած ազգայնական հաւաքի առիթով: Հարցումին բնագիրը Պուայէն հրապարակած է Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ:

Հարցման բնագիրին մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի, որ 4 Հոկտեմբերին էրտողանին առաջարկած են, Պուայէի ձեւակերպումով` «մարդու իրաւունքներու մայրաքաղաք Սթրազպուրկի» մէջ, եւրոպաբնակ թուրքերուն հետ էթնիկ-կրօնական շարժառիթներով հանդիպում մը ունենալ, որուն ներկայ եղած են մօտ 15 հազար համակիրներ:

«Միլիոնաւոր միացեալ ձայներ` ընդդէմ ահաբեկչութեան» խորագիրով հանդիպումին, ըստ կազմակերպիչներուն մասնակցած են Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, ինչպէս նաեւ Պելճիքայէն ու Զուիցերիայէն ժամանած քաղաքացիներ:

«Հանդիպման առիթով, որու ընթացքին կանայք եւ տղամարդիկ առանձին նստած են դահլիճին մէջ, էրտողան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ ապրող թուրքերուն կոչ ըրած է պահպանել իրենց մշակոյթը` այդպիսով դիմակայելով ձուլման: Գրեթէ երկու ժամ Էրտողան իսլամական-ազգայնական բնոյթի ելոյթ ունեցած է` անդրադառնալով նաեւ ահաբեկչութեան թեմային, միեւնոյն ժամանակ չյիշատակելով «Իսլամական պետութիւն»ը, նշած է Պուայէ:

«1915 թուականի փախստականներու ժառանգները, որոնք ներկայիս կը բնակին ֆրանսական հողի վրայ, ստիպուած  հանդուրժած են ամբողջ Եւրոպայէն թուրք ազգայնականներու ժամանումը` համընդհանուր անտարբերութեան հիմքի վրայ:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին Թուրքիան տակաւին չէ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը: Կը ցանկայի իմանալ, թէ ինչպէ՞ս կարելի էր այդպիսի հանդիպում իրականանալ մեր երկրին մէջ: Կը ցանկայի իմանալ կառավարութեան դիրքորոշումը ֆրանս-թրքական յարաբերութիւններու շուրջ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին