Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Հայկական Անցեալէն Պատմութեան Մէջ Այսօր

ՇԱՀԷՆ ԹԱԹԻԿԵԱՆ

Մեր թուականէն 91 տարիներ առաջ՝ 1924ին ծնած է հայ արձակագիր եւ Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Շահէն Թաթիկեան:

Շ. Թաթիկեան ծնած է Թիֆլիս, ապա հաստատուած է Երեւան։ Պատանի տարիքէն սկսած է աշխատիլ որպէս խառատ, գրաշար, սրբագրիչ, ապա ընդունուած է Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական հիմնարկը: 1942ին մեկնած է բանակ եւ ծանր վիրաւորուած 1944ին: 1945ին շարունակած է ուսումը եւ աւարտած 1947ին: Եղած է հայկական ձայնասփիւռի եւ զանազան հրատարակչատուներու խմբագիր: 1947էն սկսած է աշխատակցիլ թերթերու: 1968-1971ին եղած է Հայաստանի հեռուստառատիոյի «Երեւան» ծրագիրի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր: 1977-1980 տարիներուն «Սովետական Հայաստան» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր:

Շ. Թաթիկեանի պատմուածքներու հիման վրայ նկարահանուած են ֆիլմեր, որոնցմէ են «Արշակը», «Ապրեցէք Երկար», «Ոսկի եւ հող» եւայլն: Իր ստեղծագործութիւններէն են «Յաղթանակի օրը» (1950), «Նուէրը» (1975), «Մէկը Բազմապատկուած Միլիոնով» (1977), «Թիթեղեայ մեր հին վառարանը» եւ այլն:

Շահէն Թաթիկեան մահացած է Երեւան 19 Մարտ 1992ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին