Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Էջմիածինը 2700 Տարեկան է Նախագահը Ներկայ Գտնուեցաւ Քաղաքի Տօնին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Էջմիածին քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ քաղաքի տօնին` Էջմիածինի 2700-ամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն։ Հանրապետութեան նախագահը այցելեց Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ գտնուող Վազգէն Սարգսեանի անուան հրապարակ, ուր ներկայ  գտնուեցաւ Վ.Սարգսեանի յուշարձանի բացման արարողութեան, ծաղկեփունջ դնելով Սպարապետի յուշարձանին: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Նախագահը այնուհետեւ այցելեց քաղաքի մարզական համալիրի շինարարական հրապարակ, մասնակցելով համալիրի հիմնարկէքի արարողութեան, որմէ ետք ծանօթացաւ մարզական դպրոցի կառուցման եւ տարածքի բարեկարգման նախագիծերուն:

Էջմիածինի 2700-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց նաեւ քաղաքի նոր վերանորոգուած Է. Թադէւոսեանի անուան գեղարուեստի դպրոց: Նախագահը ծանօթացաւ իրականացած աշխատանքներուն եւ ատոր արդիւնքով ուսումնական հաստատութեան մէջ 300 աշակերտի համար ստեղծուած պայմաններուն: Հանրապետութեան նախագահը այնուհետեւ յարգանքի տուրք  մատուցեց Արցախեան ազատամարտի հերոսներու յիշատակին, ծաղիկներ դնելով հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան քաղաքապետարանի նիստերու դահլիճին մէջ քաղաքի բնակիչներուն, բազմաթիւ հիւրերու, Էջմիածինի պատուաւոր քաղաքացիներուն հետ միասին մասնակցեցաւ Էջմիածինի 2700-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նիստին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին