Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

Երեւանի Մէջ Սիլվա Կապուտիկեանի Տուն-Թանգարան Պիտի Բացուի

Երեւանի մէջ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-­թանգարան պիտի բացուի: Որոշումը կայացուցած է ՀՀ կառավարութիւնը 8 Հոկտեմբերի նիստին` հաշուի առնելով «Սիլվա Կապուտիկեան» գրական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի դիմումը:  Տուն-­թանգարանը պիտի բացուի Երեւանի Մարշալ Բաղրամեան 1­-ին անցուղի, շէնք 1 հասցէին գտնուող 160,7 քմ. մակերեսով թիւ 26 բնակարանին մէջ:

Կառավարութեան որոշման նախագիծով  կը յանձնարարուի Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարին, սոյն որոշումը ուժի մէջ մտնելէ ետք հնգամսեայ ժամկէտի մէջ ապահովել՝ «Սիլվա Կապուտիկեան» գրական հիմնադրամի հետ թանգարանային առարկաներու նուիրաբերութեան պայմանագրի կնքումը եւ այդ առարկաներու անհատոյց, անժամկէտ օգտագործման իրաւունքով յանձնումը «Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին