Երեւանի մէջ իրականացող «Հայֆէստ» 13րդ միջազգային ֆիլմի փառատօնին մասնակցող դերասան եւ պարուսոյց Գաբրիէլ Նիւհաուսն ու հայկական «Միհր» թատրոնը, փառատօնի ծիրէն ներս համատեղ «Լաւաշ» ներկայացումը պատրաստելու համար օգտագործած են՝ հայկական լաւաշի պատրաստման որոշ շարժումներ: Այս մասին NEWS.am-ին ըսաւ Գաբրիէլ Նիւհաուսը, որ «Հայֆէստ»ի Իսրայէլէն ժամանած մասնակիցն է եւ «Գաբրիէլ Նիւհաուս» թատրոնի հիմնադիրը:
«Ես լաւաշի պատրաստման մասին ֆիլմ նայած եմ, մենք օգտագործած ենք որոշ շարժումներ, անոնցմէ գաղափարներ ծնած են, որոնք անհաւատալի արդիւնք տուած են», ըսաւ ան:
Գաբրիէլ Նիւհաուսը հայկական լաւաշին ծանօթացած է՝ փառատօնին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանելէ ետք: Ան պատմած է, որ հետաքրքրուած է տարբեր երկիրներու մէջ հացի պատրաստման ձեւերով եւ անցեալին նոյնպէս նմանատիպ ներկայացումներ ունեցած է:
Հայկական լաւաշը ծագումով զուիցերիացի պարուհին ամէնէն շատ սիրած է՝ տարբեր տեսքին ու համին համար:
«Այլ վայրերու մէջ նման հացի տեսակներու հանդիպած եմ, բայց հայկական լաւաշը ձեւով տարբեր է: Ես հաւնեցայ այն պարագան, թէ որքան արագ պէտք է զայն ուտես, որ չչորնայ: Ան ճկուն է, հնարաւոր է փաթթել ինչպէս ուզես», ըսաւ Գաբրիէլ Նիւհաուսը:
Զուիցերիացի պարուհին արդէն 10 օր է, որ Հայաստան է, հասցուցած է այցելել քանի մը վայրեր մայրաքաղաքին մէջ: Ան պիտի այցելէ նաեւ Գառնի, ուր յոյս ունի իրական տեսնել, թէ ինչպէս հայկական լաւաշը կը պատրաստեն:
«Լաւաշ» ներկայացումը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցին: Այդ գաղափարը իր հիմքին մէջ այն համոզումը ունի, որ ազգի պահպանման գրաւականը մշակոյթն է, իսկ հացը այն մշակոյթն է, որ կը պահպանէ ապրելու եւ յարատեւելու գաղտնիքը:
«Հայֆէստ» ֆիլմի փառատօնը տեղի կ’ունենայ 1-8 Հոկտեմբերին: Փառատօնի ծիրէն ներս Հայաստան ժամանած են 250 մասնակիցներ 25 երկիրներէ՝ Մեծ Բրիտանիա, ԱՄՆ, Ֆրանսա, Իտալիա, Աւստրիա, Ֆինլանտա, Գերմանիա, Շուէտ, Զուիցերիա, Գանատա, Լեհաստան, Լիբանան, Իսրայէլ, Լիթուա, Հունգարիա, Չեխիա, Նորվեկիա, Յունաստան, Էսթոնիա, Սերպիա, Ղազախստան, Պանկլատէշ, Ռուսիա, Իրան, Վրաստան եւ այլն: