Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Հայաստանի Անկախութեան 24րդ Տարեդարձին Առիթով Ձեռնարկ Դամասկոսի Մէջ

Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2015ին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան կողմէ, Դամասկոսի «Շամ» Պանթոկին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 24րդ տարեդարձին: Այս մասին կը յայտնէ «Բերիոյ նիւզ»ը:

Ընդունելութեան ներկայ եղան Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուհամմատ Ճիհատ ալ-Լահհամ, նախարարներ՝ ներառեալ բնապահպանութեան հարցերով պետական նախարար Նազիրա Սարգիս, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի անդամներ, դեսպաններ, քաղաքական կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ հայկական բոլոր կառոյցներու ղեկավարներ, հոգեւոր առաջնորդներ, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան փրոֆ. դոկտ. Արշակ Փոլատեան: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի 24 ամեայ ուղիին` արժեւորելով Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը: Դեսպան Փոլատեան բարձր գնահատեց հայ-սուրիական երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը:

Ապա Սուրիացի մտաւորական Նեպիլ Թաամէ, ՀՀ Նախագահին որոշումով դեսպան Փոլատեանի ձեռամբ պարգեւատրուեցաւ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին