Հայաստանի Ազգային Ժողովը քուէարկութեամբ վաւերացուց՝ Հայաստանի եւ Վերակառուցման ու զարգացման եւրոպական դրամատան միջեւ, 11 Մայիս 2015ին ստորագրուած «Երեւանի քաղաքային լուսաւորութեան ծրագիր» վարկային համաձայնագիրը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, համաձայնագիրին կողմ քուէարկած է 103, դէմ 5, ձեռնպահ 6 պատգամաւոր:
Քուէարկութենէն առաջ վարման կարգի վերաբերեալ ելոյթ ունեցած է Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան (ԲՀԿ) խմբակցութեան պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեան, որ յայտնած է, թէ ԲՀԿն կողմ պիտի քուէարկէ համաձայնագիրին, քանի որ անիկա կը միտի Երեւանի զարգացման: ԲՀԿ խմբակցութեան քարտուղար Վահէ Էնֆիաճեան եւս նշած է, որ ԲՀԿն կողմ է համաձայնագիրին` ընդգծելով, որ հիմնական զեկուցողը մանրամասն ներկայացուցած է, թէ ուր պիտի ծախսուին վարկային միջոցները:
Համաձայնագիրով կը նախատեսուի, որ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը Հայաստանին պիտի տրամադրէ 4 միլիոն տոլարի չափով վարկ: Ծրագիրի հիմնական արժէքը կը կազմէ 7 միլիոն տոլար, որմէ 3 միլիոնը դրամաշնորհ է: Ծրագիրի հիմնական նպատակն է Երեւանի մէջ ունենալ՝ ելեկտրախնայող եւ անվտանգ արտաքին լուսաւորութեան ցանց: Մասնաւորաբար կը նախատեսուի Երեւանի 28 փողոցներու մէջ փոխարինել յենասիւները, անցընել ստորգետնեայ մալուխներ, օգտագործել ելեկտրական խնայող լամպեր, ինչպէս նաեւ ներդնել կառավարման ինքնաշխատ համակարգ: