Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Աշխարհահռչակ Յօրինող Փենտերեցքի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Համերգով Հանդէս Եկաւ Մոնրէալի Մէջ

20 Սեպտեմբերին Մոնրէալի «Փլաս տէ զար» համերգասրահին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, Մոնրէալի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ հանդէս եկաւ աշխարհահռչակ յօրինող Քրիստոֆ Փենտերեցքին, որ անձամբ ղեկավարելով երգչախումբը` ունկնդիրներուն հրամցուց Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակին նուիրուած «Սաղմոս Գ.» ստեղծագործութիւնը:

Համերգի ընթացքին նուագախումբը նուագեց նաեւ Պախէն, Պրամսէն եւ Պըռնըշթայնէն երաժշտական կտորներ:

Համերգը կազմակերպուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Գանատայի միացեալ մարմինին կողմէ:

Նշենք, որ Փենտերեցքիի մեծ մայրը Սպահանէն հայուհի մը եղած է: Աշխարհահռչակ երաժշտագէտը մանուկ հասակին մեծ մօր հետ ամէն Կիրակի յաճախած է Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի հայոց եկեղեցի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին