Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Տէրսիմահայ Երկու Կիներու Դառն Պատմութիւնը

*ՔԱԶԸՄ ԿԻՒՆՏՕՂԱՆ*
«
Ակօս»

 Ասլը­­հան Օլ­­կար Սթանպու­­լի, Աս­­լը­­­հան Քի­­րէմիթ­­ճեան ալ Զմիւռնիոյ մէջ, նոյն շաբ­­թու մէջ մահացան։ Մէ­­կը քրիս­­տո­­­նեայ էր, միւ­­սը իս­­լամ։ Թա­­ղու­­մներն ալ այդպէս եղան։ Մէ­­կը Հա­­յոց գերեզ­­մա­­­նատու­­նը թա­­ղուե­­ցաւ, միւ­­սը իս­­լամնե­­րու։ Ես եր­­կուքին ալ թա­­ղու­­մին ներ­­կայ գտնուեցայ։ Նախ 7 Սեպ­­տեմբե­­րին Ս­­թանպուլ Պա­­քըր­­գիւղի Ծնունդ Սուրբ Աս­­տուածած­­նի եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ Ասլը­­­հան Օլ­­կա­­­րը, ապա 11 Սեպ­­տեմբե­­րին Զմիւռնիա, Կիւ­­զէ­­­լեալը թա­­ղի Հա­­քիմ Էֆէն­­տի մզկի­­թէն ալ Աս­­լը­­­հան Քի­­րէմիթ­­ճեանը յու­­ղարկա­­ւորե­­ցինք։

1937-38ի Տէր­­սի­­­մի կո­­տորած­­նե­­­րուն իրենց ար­­մատնե­­րէն պո­­կուե­­լէ առաջ եր­­կուքն ալ հայ ու քրիստո­­­նեայ էին։

Այդ թուական­­նե­­­րուն Աս­­լը­­­հան Քի­­րէմիթճեան հինգ կամ վեց, Աս­­լը­­­հան Օլ­­կար ալ եօթը տա­­րեկան էին։ Ողջ մնա­­ցած էին, բայց չեմ կրնար «փրկուած» էին ըսել։ Կո­­տորա­­ծի բո­­լոր տա­­ռապան­­քը ամբողջ կեան­­քի մը տե­­ւողու­­թեամբ ապ­­րե­­­ցան։ Աք­­սո­­­րուե­­ցան Թուրքիոյ տար­­բեր քա­­ղաք­­նե­­­րը։ Ասլը­­­հան Քի­­րէմիթ­­ճեան Քո­­նեայի մէջ թրքա­­ցուե­­ցաւ եւ անու­­նը Ֆաթ­­մա կո­­չեցին։ Հո­­գեզա­­ւակ անուանու­­մին տակ աղա­­խին մըն էր։ 13 տա­­րեկա­­նին պար­­տադրա­­բար իս­­լա­­­մացուեցաւ եւ ամուսնա­­ցու­­ցին 35 տա­­րեկան իս­­լամ մար­­դու մը հետ։

Աս­­լը­­­հան Օլ­­կար Տէր­­սի­­­մի ջար­­դե­­­րուն կորսնցուց իր ազ­­գա­­­կան­­նե­­­րը։ Եօթը տա­­րեկան էր, երբ ընտա­­­նիքէն վե­­րապ­­րողնե­­րու հետ բռնեց տա­­րագ­­րութեան ճամ­­բան։ Ըն­­տա­­­նիքը դի­­մադ­­րեց հայ ինքնու­­թիւնը պա­­հելու հա­­մար։ 12 տա­­րեկա­­նին իս­­լա­­­մի մը հետ ամուսնա­­ցուե­­լու վտան­­գը կանխելու հա­­մար ամուսնա­­ցու­­ցին իր հօ­­րը տա­­րիքով հա­­յու մը հետ։ 12 զա­­ւակ ու­­նե­­­ցաւ, որոնցմէ վե­­ցը ապ­­րե­­­ցան։ Դա­­ժան կեանք մը ապ­­րե­­­ցաւ։ Վիշ­­տե­­­րը իրար հետ բաղ­­դա­­­տելը սխալ է թէեւ, բայց ան բաղ­­դատմամբ իր անուանակ­­ցին աւե­­լի բախ­­տա­­­ւոր է։ Վեր­­ջա­­­պէս ապ­­րած է իր հա­­ւատ­­քով ու մշա­­կոյ­­թով եւ այդպէս ալ պատ­­րաստած զա­­ւակ­­նե­­­րը։

Վեր­­ջին ճամ­­բորդու­­թեան զա­­ւակ­­նե­­­րը զինք յու­­ղարկա­­ւորե­­ցին հայ­­կա­­­կան ծէ­­սով ու աւանդութիւնով։

Մինչ Աս­­լը­­­հան Քի­­րէմիթ­­ճեան անար­­մատ էր եւ ան­­տէր։ Շատ աւե­­լի ծանր էր այս։ Աղ­­ջի­­­կը՝ Զէյնէպը, կ՛ար­­տա­­­սուէր հե­­ռախօ­­սի միւս կող­­մը։ «Քա­­զըմ Պէյ մայրս գնաց, ալ չկայ, թեւ առաւ հեռացաւ մեզ­­մէ»։ Նոյն գի­­շեր ճամ­­բայ ելայ դէ­­պի Զմիւռնիա։ Ննջե­­ցեալի տան մէջ մա­­հուան վիշտն ու թա­­խիծը կը տի­­րէր։ Աս­­լը­­­հանի բա­­ցատ­­րութիւ­­նով «այդ լրագ­­րող տղան» ըլ­­լա­­­լով ծանօթացուցին զիս։ Երախ­­տի­­­քով պատ­­մեր է շուրջին­­նե­­­րուն՝ «այդ լրագ­­րող տղան եթէ չըլ­­լար ես ուրկէ՞ կը գտնէի հա­­րազատ­­նե­­­րս»։ Միշտ կ՛աղօ­­թէ եղեր ինծի հա­­մար։

Տան մէջ ար­­մա­­­տախիլ ըլ­­լա­­­լու, ան­­տէ­­­րու­­թեան ծանր մթնո­­լոր­­տը կար։ Կամ ալ ին­­ծի այդպէս կը թուէր։

Աս­­լը­­­հան Քի­­րէմիթ­­ճեան կեն­­դա­­­նի վկան էր Տէր­­սի­­­մի հա­­յերուն 1937-38ի ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան օրերուն ինչպէս ար­­մա­­­տախիլ ըլ­­լալնուն, ինչպէս թրքա­­ցուե­­լուն եւ կրօ­­նափոխ դառ­­նալնուն։

Ան այժմ Ֆաթ­­մա Եավուզ անու­­նով կը հանգչի Զմիւռնիա, Նար­­լը­­­տէրէի գե­­րեզ­­մա­­­նը։

Թաղ­­ման երբ բո­­լորը աղօթք կը մրմնջէին, ես ներ­­քուստ կ՛անի­­ծէի այս վիշ­­տին ու ամօ­­թին հեղինակ­­նե­­­րը։

Կը մխի­­թարուիմ, որ քա­­հանա­­յի թոռ Ասլը­­հանի պատ­­մա­­­կան ար­­ժէք ներ­­կա­­­յաց­­նող կենսագրութիւնը, «Վան­քին Երա­խանե­րը» անուն վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մին եւ «Քա­հանա­յին Թոռնե­րը» անուն գիր­քին նիւթ պիտի դառնայ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին