Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

«Ոչ» Ճակատը Կը Բողոքէ Հայաստանի Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն Դէմ

Հայաստանի Ազգային ժողովի դիմաց սահմանադրական փոփոխութիւններու դէմ բողոքող՝ «Ոչ» ճակատի բողոքի արշաւի մասնակից մօտ երկու տասնեակ ցուցարարներ բերման ենթարկուեցան ոստիկանութեան կողմէ: Արձանագրուեցան բախումներ ոստիկաններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ, որոնք կը փորձէին Ազգային ժողովի ցանկապատին փակցնել «Ոչ» գրութեամբ մեծ պաստառը։ Մօտ երկու տասնեակ ցուցարարներու բերման ենթարկուելէ ետք, իրավիճակը խորհրդարանի դիմաց համեմատաբար հանդարտեցաւ, սակայն շատ չանցած կրկին պոռթկումները սկսան եւ խառնաշփոթի մեջ ոստիկանները նոյնիսկ պատգամաւոր Արամ Մանուկեանը փորձեցին բերման ենթարկել։ «Նոյնիսկ պատգամաւորին քաշքշելով փորձեցին տանիլ», ըսաւ ցոյցին մասնակից Մանուկեանը, ամօթ գոռալով ոստիկաններուն։ Նշենք, որ «Ոչ» ճակատի երեւանեան առաջին հանրահաւաք-երթը կայացաւ անցեալ շաբաթավերջին: Նախաձեռնութեան միացան խորհրդարանական Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը եւ Հայ ազգային գոնկրէսը, ինչպէս նաեւ շարք մը արտախորհրդարանական այլ ուժեր ու հասարակական կազմակերպութիւններ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին