Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Սպանիոյ Սիյա Քաղաքը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Սեպտեմբեր 29-ին կայացած քաղաքային խորհուրդի նիստին, Սպանիոյ Վալենսիա մարզի մէջ գտնուող Սիյա (Silla) քաղաքը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: “Արարատ” հայկական միութեան մշակած բանաձեւը ներկայացուց Ձախ Միութեան (Izquierda Unida) խօսնակ Վալենթին Մաթէոն (Valentin Mateo), որ իր խօսքին մէջ հակիրճ ներկայացուց 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան պատճառներն ու հետեւանքները, զայն պաշտօնապէս ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին “Հայերն Այսօր”ին կը յայտնեն “Արարատ” հայկական միութենէն:

Քաղաքային խորհուրդը ներկայացնող 6 կուսակցութիւնները (Սոցիալիստական, Ժողովրդական, Սիուդադանոս, Կոմպրոմիս, Ձախ Միութիւն եւ Իսպանիա-2000) միաձայն կողմ քուէարկեցին՝ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ոճրագործութիւնը իբրեւ ցեղասպանութիւն որակած բանաձեւին:

Այսպիսով Սիյէան դարձաւ Սպանիոյ 10-րդ քաղաքը, որ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Նիստին ներկայ էին “Արարատ” հայկական միութեան անդամներ Նելլի Աբովեան, Կայէն Մարտիրոսեան, Եսթեր Յակոբեան, Արամ Ղուկասեան եւ այլք: Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Նելլի Աբովեան, որ նշեց, թէ կարեւոր է այն հանգամանքը, որ այսպիսի կարեւոր հարցերու պարագային, կուսակցական գոյները կը միաւորուին: Ի նշան երախտագիտութեան` ան Վալենթին Մաթէոյին նուիրեց անմոռուկի կրծքանշանը:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Միսլատայի Ձախ Միութեան նախկին խորհրդական, հայ ժողովրդի բարեկամ Սալվատոր Կարսիան (Salvador Garcia), որ կարեւոր նկատեց հայ համայնքին դերը Սպանիոյ մէջ, յորդորելով Վալենսիոյ եւ Սպանիոյ կառավարութիւններուն՝ հետեւելու թագաւորութեան 10 քաղաքներու եւ 4 մարզերու օրինակին, որոնք պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան աւելցուց, թէ պիտի պայքարին՝ մինչեւ որ բոլոր պետական կառոյցները հետեւին իրենց քայլին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին