Կիրակի, 20. 07. 2025

spot_img

Սուրիոյ Մէջ Վտանգուած Են Հազարաւոր Հայեր Եւ Ցեղասպանութեան Յիշատակի Յուշարձաններ

Ամերիկեան գոնկրէսականները կ՛ահազանգեն` Միջին Արեւելքի մէջ հայերու եւ հայկական յուշարձաններու դէմ յարձակումներու առնչութեամբ: Ելոյթ ունենալով Ուաշինկթըն գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ, Ռաուլ Ուոլենպըրկի անուան միջազգային հիմնադրամի կողմէ՝ ի պատիւ ՀՀ նախագահին կազմակերպուած ընդունելութեան պատուաւոր ձեռնարկին, հայկական արմատներ ունեցող գոնկրէսական Ճեքի Սփիրը ընդգծած է խնդիրի կարեւորութիւնը:

«Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումը պատմական այլ յուշարձաններու շարքին կ՛ոչնչացնէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձանները», ըսած է Սփիրը, կը հաղորդէ PanARMENIAN.Net -ը՝ վկայակոչելով «Ամերիկայի Ձայն»ը:

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ղեկավար գոնկրէսական էտ Ռոյս իր հերթին աւելցուցած է, որ վտանգուած են Սուրիոյ մէջ բնակող հազարաւոր հայերու կեանքեր:

«Մենք բոլորս տեղեակ ենք, որ հայ քրիստոնեաներու դէմ ծայրայեղական խումբերու կողմէ թիրախաւորուած յարձակումներ կը կատարեն թէ՛Ալ Նուսրան եւ թէ՛ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումը: Այնտեղ հայերու դէմ մեր աչքին առաջ ահաւոր բռնութիւններ կը կատարուին, նաեւ նոյն հայերու աղօթատեղիներուն դէմ Քեսապի, Տէր Զօրի, եւ Հալէպի մէջ», ըսած է գոկրեսականը:

5

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին