Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Սերժ Սարգսեան Ելոյթ Կ’ունենայ Միջազգային Խաղաղութեան Քարնեկի Հիմնարկին Մէջ

«Panorama.am»ը հրապարակեց Միացեալ Նահանգներ աշխատանքային այցելութեան շրջագիծէն ներս, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթը Միջազգային խաղաղութեան Քարնեկի հիմնարկին մէջ: Սարգսեան կ՛ըսէ, որ «Հայաստանը իր անկախութեան ակունքներէն ի վեր, որեւէ պետութեան եւ կառոյցի հետ յարաբերելու ժամանակ, առաջնորդուած է ոչ թէ ընդդէմի այլ յանունի գաղափարախօսութեամբ: Այսպէս, ըլլալով ՀԱՊԿի հիմնադիր անդամ, Հայաստանը երկարամեայ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ծաւալած է նաեւ ՆԱԹՕ-ի հետ, իսկ վերջերս Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ դառնալով հանդերձ, Հայաստանը նոր թափ տուած է Հայաստան – Եւրոպական միութիւն քաղաքական եւ տնտեսական մերձեցման»: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով նախագահը ընդգծեց, որ «թէեւ Ազրպէյճանը խնդիրը կը ներկայացնէ իբրեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տարածքային վէճ, այսուհանդերձ Հայաստանի հանրապետութիւնը երբեք որեւէ տարածքային հաւակնութիւն չէ ունեցած Ազրպէյճանի հանդէպ: Աւելին, մենք կը ճանչնանք Ազրպէյճանի հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, որուն Լեռնային Ղարաբաղը երբեք մաս չէ կազմած», ըսաւ Նախագահ Սարգսեան շեշտելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման խնդիր է: Ան նաեւ նշեց, թէ ներկայիս Հայ – Ազրպէյճանական սահմանին վրայ թոյլ արտայայտութեամբ պատերազմ կ’ընթանայ: Հայաստանի նախագահը խօսեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի մասին, որ ըստ նախագահին հայութեան համար ոչ թէ սուգի այլ վերածնունդի ոգի ունի: Վերապրելով մարդկութեան յայտնի ամենադաժան աղէտը, մենք կերտեցինք պետականութիւն եւ այսօր Հայաստանը իր կարեւոր ներդրումը կը բերէ՝ առանց նման յանցագործութիւններու աշխարհի կառուցման ջանքերուն: Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան շարք մը երեսներուն, Սուրիոյ տագնապին, ինչպէս նաեւ երկրի ներքին հարցերուն: Այս ծիրէն ներս Սարգսեան նշեց, որ ինք կրնայ կանխատեսել, թէ ով կրնայ ըլլալ Հայաստանի ապագայ առաջնորդը: «Ես իրօք կրնամ կանխատեսել, թէ ով կրնայ ըլլալ Հայաստանի ապագայ առաջնորդը, բայց կը վախնամ, որ եթէ յայտարարեմ, ապա այդ մարդը դժոխային օրեր կ’ունենայ մինչեւ առաջնորդ դառնալը, ինչպէս նաեւ կը վախնամ, որ այդ մարդը հիմա ճիշդ չգնահատէ իմ կանխատեսումը», աւելցուց նախագահ Սարգսեան:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին