Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան՝ ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտյուժա յայտարարեց, թէ սահմանային իրադարձութիւնները անթոյլատրելի են: Հայաստանի մէջ կայացած ՀԱՊԿի «Անխախտելի եղբայրութիւն 2015» խաղաղարար զօրավարժութիւններու աւարտէն ետք Պորտյուժա ըսաւ, թէ «անթոյլատրելի է, որ ծանր հրետանիէ կը գնդակոծուին բնակավայրերը: Մտահոգիչ է երբ ՀԱՊԿի հաւաքական անվտանգութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդներու բազմաթիւ յայտարարութիւններուն՝ ձեր հարեւաններուն կողմէ արձագանգ չեղաւ»: Անոր խօսքով աճող լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ, համաշխարհային հանրութիւնը պէտք է արտակարգ միջոցներու ձեռնարկէ՝ հետագայ լարուածութիւնը կանխելու համար: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ երբ հնարաւոր է ՀԱՊԿի միջամտութիւնը, Պորտյուժա յիշեցուց գոյութիւն ունեցող մեքանիզմներու մասին, որոնք կրնան կիռարուիլ բացարապէս այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ պետութիւնը այլեւս ունակ չէ ապահովելու սեփական անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը: Այդ պարագային տուեալ պետութիւնը կը դիմէ դաշնակիցներուն, որոնք որոշում կը կայացնեն քաղաքական կամ ռազմական օգնութեան բնոյթի մասին: Ան նաեւ նշեց, որ ներկայիս հայկական բանակին ներուժը կրնայ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովել: