Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

Հայաստանը Մասնակցեցաւ Զուիցերիոյ Մէջ Կազմակերպուած «Աշխարհի Գինիներ» Փառատօնին

Սեպտեմբեր 27-ին Հայաստանը իբրեւ պատուաւոր հիւր մասնակցեցաւ, Զուիցերիոյ Ֆեշի քաղաքին մէջ 1996 թուականէն ի վեր կազմակերպուող՝ «Աշխարհի գինիներ» խորագիրով ամէնամեայ փառատօնին։ Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Արտաքին դործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) մամուլի ծառայութենէն:

Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան աջակցութեամբ` Հայաստանէն Զուիցերիա տարուած հայկական խաղողի չորս տեսակներու որթատունկերը, հանդիսաւոր արարողութեամբ տնկուեցան Ֆեշիի 11-րդ դարու եկեղեցւոյ մօտ գտնուող` «Աշխարհի գինիներ» անունը կրող տնկիներու այգին մէջ Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Արժանթինի, Սպանիոյ եւ այլ երկիրներու տնկիներու կողքին:

Պաշտօնական արարողութեան բացման խօսքով հանդէս եկան Ֆեշիի համայնքային խորհուրդի ղեկավարը, փառատօնի նախագահը եւ ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչ Յասմիկ Տոլմաճեանը:

«Խորհրդանշական է, որ ինչպէս Աստուածաշնչեան աւանդութեան, ըստ որու Նոյ նահապետը Արարատի ստորոտը` Հայաստանի մէջ տնկեց խաղողի առաջին որթատունկը, այդպէս ալ հնագիտական ուսումնասիրութիւններու համաձայն` խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան վեցհազարամեայ բնօրրան համարուող Հայաստանէն բերուած որթատունկերը, կրկին կը հանգրուանին Զուիցերիոյ հիւրընկալ հողին մէջ գտնուող խաղաղութիւն, համերաշխութիւն եւ բազմազանութիւն խորհրդանշող այս այգին», իր խօսքին մէջ նշեց Յասմիկ Տոլմաճեան:

Ֆեշիցիներուն եւ Զուիցերիոյ տարբեր վայրերէն ժամանած փառատօնի հիւրերուն, հայ երգարուեստն ու պարարուեստը ներկայացուցին զուիցերահայ համայնքի «Արաքս» երգչախումբն ու «Սանահին» պարախումբը:

Փառատօնի ընթացքին կազմակերպուեցաւ Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կողմէ տրամադրուած՝ հայկական տասնեակ մը լաւագոյն գինիներու ցուցադրութիւն եւ համտեսում, նաեւ մատուցուեցան հայկական ուտեստներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին