25 Սեպտեմբերին Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աւետ Ատոնցը մասնակցեցաւ՝ Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Կարպիս Փափազեան մրցանակ»ի շնորհման արարողութեան, կը յայտնեն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթի, արուեստի, Հայկական հարցի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմաներու ուսումնասիրման, միջազգայնացման եւ լուսաբանման համար մրցանակը յանձնուեցաւ սպանացի լրագրող, հրապարակախօս, հայկական թեմաներով բազմաթիւ աշխատութիւններու եւ շարք մը գիրքերու հեղինակ, հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Խոսէ Անթոնիօ Կուրիարանին:
Ելոյթներով հանդէս եկան ձեռնարկին ներկայ հասարակական-քաղաքական գործիչներ:
Իր ելոյթի մէջ դեսպան Ատոնցը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄի «Կարպիս Փափազեան» հիմնադրամին` 1986էն ի վեր ծաւալած հայրենանուէր գործունէութեան եւ Խոսէ Անթոնիօ Կուրիարանին` ամբողջ կեանք մը հայ ժողովուրդին, անոր պատմութեան ու ներկային նուիրելու համար: Դեսպանը մասնաւորաբար նշեց. «Ամենեւին պատահական չէ, որ այս մրցանակը պարոն Կուրիարանին կը յանձնուի այս տարի, երբ կը լրանայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը: Իսկապէս խորհրդանշական այս տարին կարծեմ, ճիշդ ժամանակն է մեր երախտիքի խօսքը յղելու այն մարդոց եւ կազմակերպութիւններուն, ովքեր այսօր, ինչպէս եւ 100 տարի առաջ, յաճախ վտանգելով սեփական կեանքը, կը փորձեն օգնել, փրկել, նոր կեանքի յոյս ու հնարաւորութիւն տալ միւսներուն: Մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնը, այլատեացութիւնը, ռասիզմն ու անհանդուրժողականութիւնը չունին ազգութիւն, կրօն եւ արդարացում: Միայն համընդհանուր ջանքերով է, որ հնարաւոր է ունենալ աւելի խաղաղ, բարեկեցիկ, անվտանգ եւ արդար աշխարհ»:
Ձեռնարկի աւարտին հնչեցին կատարումներ հայ եւ համաշխարհային դասականներէն: