Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

«Պետութեան Անունէն Պիտի Ճանչնանք Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայերու Հետ Բարեկամութիւն Սկսինք». Քիւրտ Կուսակցապետ

Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական»  (HDP) կուսակցութիւնը ներկայացուցած է կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը, ուր տեղ գտած է նաեւ պետութեան անունէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելը:

Ըստ News.am-ի թրքական Haber7 կայքը կը փոխանցէ, թէ HDP-ի նախընտրական ծրագիրը ներկայացնելու ժամանակ, կուսակցութեան կին համանախագահ Ֆիգեն Եուքսեքտաղը յայտարարած է, որ իրենց կուսակցութիւնը տարբեր ժամանակներու տարբեր ժողովուրդներու նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութիւններն ու կոտորածները՝ պետութեան անունէն ճանչնալու եւ ներողութիւն խնդրելու համար աշխատանքներ պիտի իրականացնէ:

«Պիտի վերացնենք Հայաստանի նկատմամբ կիրառկուող շրջափակումը: Հայաստանի հետ պիտի արագացնենք տնտեսական, քաղաքական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ու հայ ժողովուրդին հետ բարեկամութեան կամուրջներ պիտի կառուցենք», ըսած է HDP-ի համանախագահ Ֆիգեն Եուքսեքտաղը:

Նշենք, որ HDP-ն Թուրքիոյ պատմութեան մէջ միակ խորհրդարանական կուսակցութիւնն է, որ կուսակցութեան անունէն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ու իշխանութիւններուն կոչ ըրած է ճանչնալու եւ փոխհատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին