Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Ուքրանիոյ Տնեպրոփեթրովսկի Քաղաքային Խորհուրդը Դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

30 Սեպտեմբերին Ուքրանիոյ Տնեպրոփեթրովսկի քաղաքային խորհուրդը իր 67րդ գումարման նստաշրջանին, դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հանդէս եկած է համապատասխան յայտարարութեամբ: Այս մասին կը գրէ Genocide.org.ua կայքէջը` յղում կատարելով litsa.com.ua-ին:

Պատգամաւորներու կարծիքով Ուքրանիոյ համար, որ աշխարհին ցոյց տուած է ազատութեան եւ ընկերվարութեան իտէալներուն հաւատարիմ ըլլալը, կարեւոր է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քանի որ ուքրանիացիները նմանատիպ յանցագործութեան զոհ դարձած են ստալինեան ռեժիմի ժամանակ:

«Հաստատելով մեր հաւատարմութիւնը` ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային պայքարի մէջ, ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգերու իրաւունքներու վերականգնման գործի մէջ եւ հաստատելով պատմական ճշմարտութիւնը` մենք կը դատապարտենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կոչ կ’ընենք Ուքրանիոյ նախագահին, Գլխաւոր Ռատային (խորհրդարան), արտայայտելու իրենց համերաշխութիւնը միջազգային հասարակութեան եւ ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին