Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ցաւակցագիր Նամակը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Նախագահին

Անցնող օրերուն Սէուտական Արաբիոյ մէջ «Հաժժ»ի ուխտագնացութեան ընթացքին, արկածի հետեւանքով մահացած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացի ուխտաւորներու մահուան առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս սոյն ցաւակցագիր նամակը յղեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Նախագահին, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

 

2 Հոկտեմբեր, 2015
Անթիլիաս-Լիբանան

 Վսեմաշուք Դոկտ. Հասան Րուհանի
Նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան
Թեհրան

Խոր ցաւով իմացանք տխուր ու ցնցիչ լուրը այն ցաւալի դԷպքին, որ տեղի ունեցած Էր ՍԷուտական Արաբիոյ մԷջ «Հաժժ»ի ուխտագնացութեան ընթացքին, եւ որուն զոհ գացին բազմաթիւ ուխտաւորներ, որոնց շարքին մեծ թիւով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացիներ:

Այս տխուր առիթով անձնապԷս եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն, Ձերդ Վսեմութեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին կը յայտնենք Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները:

Եղբայրական սիրով,

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին