Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

Ճեֆրի Ռապըրթսըն Մրցանակի Կ’արժանանայ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Գործին Մէջ Ունեցած Աւանդին Համար

Միջազգային մակարդակի փաստաբան եւ մարդու իրաւունքներու անուանի իրաւապաշտպան Ճեֆրի Ռապըրթսըն կ’արժանանայ «Արդարութեան պաշտպաններ» մրցանակին` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ իր ունեցած աւանդին համար:

Մրցանակը պիտի տրուի 25 Հոկտեմբերին` Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի գրասենեակի կազմակերպած ամէնամեայ  կալա ընդունելութեան ժամանակ:

Ռապըրթսըն 23 եւ 24 Հոկտեմբերին պիտի մասնակցի նաեւ «Ճանապարհ դէպի հատուցում» քննարկումին, որու ընթացքին միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Գառնիկ Քրքոնեանի հետ պիտի քննարկեն՝ միջազգային իրաւունքի ոլորոտին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, ինչպէս նաեւ պիտի ուսումնասիրեն Հայկական հարցի լուծման իրաւական ուղիները՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին յաջորդող շրջանին:

«Ճեֆրի Ռապըրթսընի մասնակցութիւնը Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի գրասենեակի կազմակերպած այս տարուան քննարկման, վստահօրէն աւելի բարձր սանդղակ կը սահմանէ ապագայ նման քննարկումներու համար», ըսած է Արեւմտեան շրջանի գրասենեակի համանախագահ Այք Տիքիճեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին