Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Հրատապ Նիւթ – «Ազրպէյճան Լայնածաւալ Գործողութիւններ Սկսելու Ռազմական Կարողութիւն Չունի». Թոմաս տէ Վաալ

Արցախի տագնապին լաւ գիտակ Թոմաս տէ Վաալի վերլուծութենէն ի յայտ կու գայ այն կարեւոր իրողութիւնը, որ ինչպէս այլ լաւատեղեակ աղբիրներ ալ կը հաստատեն, թէ Ազրպէյճանի խանական արեւելեան բռնակալական մտայնութեամբ կառավարող միապետական Ալիեւեան իշխանութիւնը, իր ռազմազինութեամբ ու նաֆթային հարստութեան վրայ յենած, Թուրքիոյ ամէն տեսակի նեցուկն ալ ունենալով, իր պոռոտախօսութեամբ հանդերձ ՉԻ ԿՐՆԱՐ պատերազմիլ, որ փաստուեցաւ վերջին օրերուն, երբ ստորաբար անոնք սպաննեցին ռազմական դիրքերէն հեռու գտնուող Հայոց Բանակի չորս զինուորներ, որուն դիմաց իրենց մի քանի զինուորական հենակէտերը բնաջնջուեցան, բազմատասնեակ սպանեալ զինուորներով եւ շատ աւելի թիւով վիրաւորներով։

«Խմբ.»

Յանուն միջազգային խաղաղութեան «Քարնեկի» հիմնադրամի վերլուծաբան Թոմաս տէ Վաալ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսելու հաւանականութիւն չի տեսներ: 2 Հոկտեմբերին ԼՂ հակամարտութեան գօտիի մէջ իրավիճակի սրման նիւթով կազմակերպուած քննարկման ժամանակ, Թոմաս տէ Վաալ միացած է տեսակամուրջի միջոցով: Ան  ընդգծած է, որ հայկական կողմի համար պատերազմը ձեռնտու չէ, քանի որ իրավիճակը անոր օգտին չէ, իսկ Ազրպէյճանի համար պատերազմը մեծ վտանգ է, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը։

«Յայտնի չէ, թէ ինչով կ’աւարտի պատերազմը Ազրպէյճանի համար: Ատիկա առաջին հերթին մեծ վտանգ է Ազրպէյճանի մէջ  գործող վարչակարգին համար: Անոնք  այդպիսի ռազմական  կորողութիւն չունին,  որպէսզի  լայնածաւալ ռազմական  գործողութիւններ սկսին: Միեւնոյն ժամանակ յայտնի չէ, թէ ինչպէս կ’արձագանգէ Ռուսիան, եթէ Ազրպէյճան պատերազմ սկսի», ըսած է ան:

Թոմաս տէ Վաալ ընդգծած է, որ հակառակ ատոր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը աւելի սրած է, քանի որ յատկապէս ազրպէյճանական կողմը շփման գիծին վրայ սկսած է մեծցնել զինատեսակներու տրամաչափը, որ շատ վատ է: «Ասիկա կը վկայէ այն մասին, որ շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը կրնայ աւելի աճել, որ կը յանգեցնէ տասնեակ զոհերու: Սա կրնայ լուրջ հարուած ըլլալ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին», ըսած է վերլուծաբանը:

Ան ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը կը շարունակէ աշխատիլ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ անոր հիմնական առաջադրանքը դարձած է կարգավիճակի պահպանումը, բանակցող կողմերու նախագահներուն տարեկան գոնէ մէկ անգամ հանդիպման ապահովումը՝ իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահելու համար:

«Այս մէկը Մինսքի խումբին նուազագոյն առաջադրանքն է, իսկ առաւելագոյնը ի հարկէ՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնիլն է: Սակայն անհասկանալի է, թէ ինչպէս կարելի է հասնիլ խաղաղ կարգաւորման: Տեսէք Ուքրանիոյ օրինակը. բոլորը կը ցանկան, որ այնտեղ խաղաղութիւն հաստատուի, սակայն իրարու նկատմամբ անվստահութիւնը եւ առկայ հակասութիւնները թոյլ չեն տար ատոր հասնելու: Նոյն իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ է: Իրավիճակը իսկապէս շատ վտանգաւոր է, սակայն ամենամեծ վտանգը այն է, որ թեթեւ սխալի մը պատճառով կրնայ շփման գիծին վրայ լարուածութեան աննախադէպ աճի վերածուիլ», եզրափակած է տէ Վաալ:

Սեպտեմբերին ազրպէյճանական կողմը լարուածութիւն հրահրած էր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի երկայքնով` գնդակոծութեան թիրախի մէջ պահելով նաեւ ՀՀ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ բնակավայրերը: Հայկական գիւղերը նիւթական լուրջ վնասներ կրած են, դպրոցներու մէջ դասերը ընդհատուած էին, դաշտերու մէջ անվտանգութեան նկատառումներով որոշ ժամանակով կանգ առած էր գիւղատնտեսական աշխատանքը: Ազրպէյճանական կրակահերթերէ վիրաւորուած են ինչպէս զինծառայողներ, այնպէս ալ խաղաղ բնակիչներ, իսկ Բերդաւան եւ Պառաւաքար գիւղերուն մէջ երեք քաղաքացի սպաննուած է:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին