Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Հայկական Զինուժը Երասխի Ուղղութեամբ Կանխած Է Ազրպէյճանական Ներթափանցման Փորձը

Հայ­-ազրպէյճանական պետական սահմանի հարաւ-արեւմտեան հատուածէն, Երասխի ուղղութեամբ հայկական կողմի համար անյայտ պատճառներով, Նախիջեւանի մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներէն մէկուն կողմէ՝ 1 Հոկտեմբերի ժամը 22:30ին ձեռնարկուած է պետական սահմանի խախտման փորձ, որ արդէն իսկ նկատուած է միջդիրքային տարածութեան վրայ եւ կանխուած Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու կողմէ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, տեղի ունեցած փոխհրաձգութեան արդիւնքով հակառակորդը նահանջած է:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նախազգուշացնէ, որ հայ­ազրպէյճանական պետական սահմանի Նախիջեւանի ուղղութեամբ լարուածութեան բացակայութեան պայմաններու մէջ, հակառակորդին կողմէ իրադրութիւնը սրելու փորձերը խստագոյն ձեւով պիտի պատժուին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին