Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Լիբանանեան – Գործակցաբար BizKidz Կազմակերպութեան Մեսրոպեանի Մէջ Բացուեցաւ Ուսումնառութեան Նոր Ծրագիր

1 Հոկտեմբեր 2015ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ մեկնարկեց՝ յետ-դպրոցական պարապմունքներու (after school) նորահաստատ ծրագիրը, գործակցաբար BizKidz կրթական միջազգային կազմակերպութեան:

Ծրագիրի բացման հաւաքոյթին հրաւիրուած էին մասնակից աշակերտներն ու անոնց ծնողքը: Վերոնշեալ կազմակերպութեան Լիբանանի ներկայացուցիչներն ու պարապմունքներու պատասխանատուները ներկայացուցին ծրագիրը, որ կը նախատեսէ օգնութիւն տրամադրել աշակերտներուն՝ դասերու պատրաստութեան մէջ, ինչպէս նաեւ զարգացնել անոնց մարզական, գեղարուեստական եւ գիտական հետաքրքրութիւնները: Ծրագիրը պիտի գործէ շաբաթը 5 օր՝ Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, կէսօէ ետք ժամը 2:30 -5:30, հսկողութեամբ անձնակազմի 8 անդամներուն: Դասերու պատրաստութեան պիտի տրամադրուին առաջին երկու ժամերը, իսկ վերջին ժամը՝ աշակերտի ընդհանուր զարգացման եւ տարբեր զբաղումներու:

BizKidz կազմակերպութեան ծրագիրը կը կիրարկուի բազմաթիւ երկիրներու հարիւրաւոր դպրոցներու մէջ: Կազմակերպութիւնը կը գործակցի զանազան միութիւններու հետ, որոնք ներգրաւուած աշակերտներուն համար կը ներկայացնեն կրթական առումով շահեկան դասախօսութիւններ եւ վարժութիւններ:

IMG_0158

IMG_0172

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին