Մեզմէ շատ աւելի մեծ ու բախտաւոր ժողովուրդներու մօտն անգամ, 78 տարուայ շարունակական կեանքը հաշուի կ’առնուի օրաթերթի մը համար, մինչ հայ Սփիւռքի իրականութեան մէջ այս տեւողութիւնը հերոսական, անյուսահատ ջանքերու, զրկանքներու եւ հաւատաւոր աշխատանքի արդիւնք է:
Եթէ այս բոլորին վրայ գանք աւելցնելու նաեւ արդի ժամանակներու եւ արհեստագիտութեան՝ դասական տպագիր մամուլի լինելիութեան սպառնացող վտանգը, եւ ասոր զուգահեռ եթէ նկատի ունենանք նաեւ ընդհանրապէս որպէս համաշխարհային երեւոյթ՝ ընթերցողի նօսրացումը, կը մնայ ըսել, թէ հայ տպագիր օրաթերթ մը Սփիւռքի մէջ կանգուն պահելը՝ կարելի է կոչել «յաղթանակ», ժամանակի արհեստագիտութեան արդիականացումին եւ համաշխարհայնացման բուռն յարձակումներուն դիմաց:
«Զարթօնք»ը մամլոյ սովորական արտադրութիւն մը չէ մեզի համար, այլ սուրբ աւանդ մը, ժառանգուած մեր նախորդներէն, որուն հանդէպ որեւէ անտարբերութիւն համազօր է դաւաճանութեան:
Հետեւաբար գիտակից մեզի վստահուած պատասխանատուութեան՝ մենք պիտի շարունակենք մեր նախնիներուն կողմէ ճշդուած առաքելութիւնը դէպի ապագայ:
Նոր պայմանները կը թելադրեն մեզի քայլ պահել արհեստագիտութեան հետ եւ այդ դաշտին մէջ ըլլալ առաջատար:
Հետեւաբար դէպի ապագայ մեր երթին մէջ մենք պէտք է ընդունինք ու ընտելանանք նոր պայմաններուն, առանց անտեսելու կամ մոռնալու անցեալը, որուն վրայ հիմնուած է մեր ներկան:
Մեր այս պատասխանատու պաշտօնին վրայ նշանակումով, որուն համար շնորհակալ ենք մեր երէցներուն՝ մեր անձին վրայ ունեցած վստահութեան համար, մենք մեզ համար ճշդած ենք յստակ առաքելութիւն մը, որն է․
- «Զարթօնք»ի մակարդակը աւելի եւս բարձրացնելով զայն դարձնել Հայ մամուլի յառաջատար անդամներէն մին՝ իր բովանդակութեամբ եւ օգտագործած արհեստագիտութեամբ, այս մէկը շատ կարեւոր է երիտասարդ սերունդին հասանելի ըլլալու համար, Հայ լուրն ու Հայկականութիւնը հասցնելու՝ իրենց հետաքրքրուած միջոցներով մօտենալով իրենց:
- Ժամանակակից արհեստագիտութիւնն ու անկէ բխած թուայնացումի (digitization) միջոցները օգտագործելով, փրկել «Զարթօնք»ի 78 ամեայ արխիւը՝ նախ ապահովելով անոր գոյատեւումը, ապա զայն հասանելի դարձնելով Սփիւռքի թէ Հայրենիքի բանասէրներուն, պատմաբաններուն եւ ուսումնասիրողներուն: Մենք այս ուղութեամբ արդէն որոշումը առած եւ որոշ գործնական ճանապարհ մը կտրած ենք, որ սակայն տակաւին կարիքը ունի ֆինանսաւորուելու՝ փրկելու համար մեր պատմութիւնը ժամանակի փոշիին եւ հաւանական տաէշներու կրակին գործելիք աւերէն:
- Քաջալերել աշխատակցութիւնն ու գործակցութիւնը երիտասարդ տարրերու եւ գուրգուրալ անոնց վրայ պատրաստելով մեր յաջորդները:
Մեծ Խմբագրապետին Գրիչէն Ելած «Զարթօնք»ի Առաջին Խմբագրականին մէջ, մեծանուն Վահան Թէքէեանի կողմէ կը շեշտուի երիտասարդութեան դերը եւ պատասխանատուութիւնները անոր յանձնելու հրամայականը, որ կեանքի ամէն մէկ երեւոյթի բնական ընթացքն է, իսկ կազմակերպութեան մը ու անոր մամուլին կատարելիք դերակատարութեան պարագային՝ առաւելաբար կրկնակի կարեւորութիւն կը զգենու։ Վահան Թէքէեան «Զարթօնք»ի առաջին խմբագրականին մէջ, «Զարթօնք»ին ու մեզի համար ճշդած ուղեգիծին մէջ յստակօրէն կ՛ըսէ․ «Յատուկ խնամք, աշխատութիւն եւ զոհողութիւն թափել, վատնել նոյնիսկ, բոլորովին անտեսուած, արհամարհուած գործի մը վրայ՝ որ կրթուած երիտասարդներ ազգային ծառայութեան մէջ առնել է, անոնց առջեւ ասպարէզ բանալը, զանոնք հոն պահելն եւ հոն գնահատելն է, հասկցած, այլեւս, թէ մեր այս ցրուած վիճակին մէջ այլապէս կարելի չէ բոլորանուէր ու հետեւողական ճիգով եւ ուղղութիւնով վարիչներ ունենալ, թէ հիները պիտի չմնան վաղը ու նորեր պէտք են նոր եկածներուն ու գալիքներուն իբրեւ պահապան, իբրեւ առաջնորդ»:
Մենք հպարտ ենք մեր երիտասարդ աշխատակիցներով: Մեզի համար հպարտութիւն եւ ուրախութիւն է հոս նշել, թէ քանի մը օր առաջ մեր մարդուժը հարստացաւ Հայկազեան Համալսարանի մէջ մատի վրայ հաշուող՝ հայագիտութիւնը որպէս մասնագիտութիւն ընտրած երիտասարդուհիով մը: Յոյսով եմ, որ շուտով մեզի պիտի միայնայ նաեւ այլ երիտասարդուհի մը: Մենք «Զարթօնք»ին ու խմբագրական աշխատանքին հանդէպ մեր սէրն ու ունակութիւնը ստացանք ընկերներ Յակոբ Աւետիքեանէն ու Պարոյր Աղպաշեանէն երբ մեր պատանի տարիքէն սկսեալ կ՛աշխատակցէինք մեր թերթին: Մօտիկ անցեալին հեռակայ կապով նաեւ ընկեր Երուանդ Ազատեանէն: Ինչպէս ըսինք՝ մենք հաւատացած ենք, որ մեր առաքելութեան մաս կը կազմէ մեր կարգին պատրաստել մեզի յաջորդողներ, որ միակ երաշխիքն է «Զարթօնք»ին եւ մեր այլ հաստատութիւններուն գոյատեւումին:
Պիտի բաւարարուինք այսքանով, աւելի չչարաշահելու ձեր համբերութիւնը: Կը մնայ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզ՝ ձեր ներկայութեան համար այսօր եւ ձեր մշտական ու անվարան նիւթական ու բարոյական նեցուկին բոլորիս հոգեհարազատ թերթին՝ «Զարթօնք»ին: