Արժանթինի Միսիոնես նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է օրէնք` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան:
Ըստ «Արցախփրես»ի՝ «Արմենիա» լրատուական գործակալութիւնը կը փոխանցէ, որ նոր օրէնքը իր դրոյթներով հաւատարիմ մնացած է 2006ին Արժանթինի մէջ ընդունուած 26,199 ազգային օրէնքին, որ Ապրիլ 24ը կը սահմանէ որպէս «Հանդուրժողականութեան եւ մարդոց միջեւ յարգանքի օր»:
26,199 օրէնքը կը գործէ նաեւ Արժանթինի 15 նահանգներու մէջ` Պուենոս Այրէս, Քաթամարքա, Չաքօ, Չուպութ, Քորտովա, Քորիենտես, Խուխույ, Լա Փամփա, Նէուկեն, Ռիօ Նեկրօ, Սան Խուան, Սանթա Քրուզ, Սանթա Ֆէ, Սանթիակօ Տել Էսթերօ եւ Թիերա տել Ֆուեկօ (Հրօ երկիր):