Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

ՓՈԽԱՆ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆԻ -1 Հոկտեմբեր 1921 – 1 Հոկտեմբեր 2015 – 94 Տարիներ Իրատես Գաղափարախօսութեան ու Անսակարկ Հայրենասիրութեան Ուղիով

Այս առիթով լոյս կ՛ընծայենք կուսակցութեանս Դաւանանքը եւ Ուղեգիծը առ ի գիտութիւն բոլորին

ԴԱՒԱՆԱՆՔ ԵՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՈՒՂԵԳԻԾ

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

 Ա. Ներածական

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը գերազանցօրէն ազգային կազմակերպութիւն մըն է, որուն գոյութեան հիմնական նպատակն է հետապնդումը հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն, համադրուած ճիգերովը ժողովրդային բոլոր խաւերուն, առանց դասակարգային խտրականութեան:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աշխարհահայեացքը հիմնուած է ժողովրդային կամքի գերիշխանութեան, անհատական եւ հաւաքական բոլոր իրաւունքներու ամբողջական կիրարկումին եւ ընկերային յարատեւ բարեշրջումի սկզբունքներուն վրայ: Անոր հիմնական մտասեւեռումը կը կազմեն հայկական պատմական հայրենիքի ամբողջական վերականգնումը, Հայաստանի ընդհանուր զարգացումն ու բարգագաճումը, արտերկրի հայութեան ազգապահպանումը եւ ի վերջոյ՝ հայ ժողովուրդի ազգահաւաքը իր պապենական եւ աւանդական հողերուն վրայ: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, առանց որեւէ բացառութեան, կը դաւանի որ ազգային մեր բոլոր մղումներուն առանցքը պէտք է կազմեն Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը, որոնց հանդէպ մեր հաւատարմութիւնն ու նուիրումը պէտք է անսակարկ ըլլան: Այդ անխախտ համոզումով ալ ան փարած կը մնայ «Միշտ հայրենիքին եւ ժողովուրդին հետ, հայրենիքին եւ ժողովուրդին համար» կարգախօսին:

Բ. Նպատակ

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ Կուսակցութեան քաղաքական նպատակն է իրականացնել ամբողջական ազատագրութիւնը Հայուն սեփական Հայրենիքին՝ իր պատմական սահմաններուն մէջ, եւ զայն օժտել ԱՆԿԱԽ եւ ԱՆԲԱԺԱՆ կազմով եւ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ռամկավարական կառավարութեամբ, որ ամենալայն պատեհութիւնը տայ հայ ժողովուրդին՝ վայելելու լիակատար ազատութիւն, ինչպէս նաեւ՝ ցեղային զարգացման եւ ազգային գիտակցութեան պահանջներուն համեմատ՝ ապրելու եւ զարգանալու անկաշկանդ իրաւունք:

Ա.-   Պահպանել Հայաստանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

Բ.-    Վերականգնել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ հայկական պետա        կան իշխանութեան ու ռամկավարական իրաւակարգի ներքեւ՝ հայկական բռնագրաւուած բոլոր հողերուն ազատագրումով:

Գ.-    Հետապնդել Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը պետութիւններու եւ բարձրագոյն ատեաններու կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ հայկական հողերու եւ գոյքային փոխհատուցումներու ձեռքբերումը Թուրքիայէն:

Դ.-    Հայկական դատի եւ ազգային պահանջատիրութեան բացարձակապէս անզիջող հետապնդումը դաւանիլ իբրեւ գոյութեան կարեւորագոյն հիմք:

Ե.-    Սատարել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ ժողովրդային կամքի գերիշխանութեան կիրարկումին եւ ռամկավարական (ժողովրդավարական) եւ ազատական սկզբունքներու ամրապնդումին, յարգելով մարդկային հիմնական իրաւունքները, մասնաւոր սեփականութեան իրաւունքը ներառեալ, եւ զարկ տալով ազատ տնտեսութեան:

Զ.-    Աշխատիլ Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական, հասարակական ու մշակութային բարգաւաճման համար:

Է.-    Հասարակական, քաղաքական ու տնտեսական նախապայմաններ ստեղծել Հայաստանի պետական սահմաններուն մէջ հայ ժողովուրդի ազգահաւաքը իրագործելու նպատակով:

Ը.-    Աշխարհատարած բոլոր հայերուն միջեւ ամրապնդել փոխադարձ, բազմակողմանի կապերը, միասնաբար իրագործելու համար հայ ժողովուրդի հիմնական շահերն ու կենսագործունէութիւնը:

Թ.-   Հասարակաց ուղղութեան մը շուրջ համախմբել հայութեան ազգայնական ռամկավարական եւ ազատական ոյժերը:

Ժ. Նկատի ունենալով որ, առաւելաբար, արտերկրի մէջ կը գործէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, անոր անդամները պէտք է ջանան տուեալ երկիրներու քաղաքացիական տրամադրութիւնները առաւելագոյնս օգտագործել տուեալ երկրի եւ հայ ժողովուրդին միջեւ բարեկամական եւ գործակցական կապեր ստեղծելու ուղղութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին