Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի խօսքը արտասանեց՝ ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի 70րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն ընթացքին: Ան խօսեցաւ ղարաբաղեան զարգացումներուն, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, շրջանային եւ միջազգային գլխաւոր թղթածրարներուն մասին: «Մեզի համար արդէն ակնյայտ է՝ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը անդառնալիօրէն կորսնցուցած է ոչ միայն իրականութեան զգացողութիւնը, այլեւ մարդկային բոլոր սկզբունքները: Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներու համատեղ 5 յայտարարութիւնները եւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ջանքերը լիովին արհամարհող՝ Ազրպէյճանի նման քաղաքականութեան շարունակման պարագային, Հայաստանին այլ ընտրութիւն պիտի չմնայ. մենք պիտի իրականացնենք անհրաժեշտ իրաւական եւ ռազմաքաղաքական քայլերը՝ ապահովելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութիւնն ու խաղաղ զարգացումը», հաստատեց նախագահը: Նիւ Եորքի մէջ նաեւ տեղի ունեցաւ Սարգսեանի տեսակցութիւնը ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ: Զրուցակիցները քննարկեցին ղարաբաղեան զարգացումները: Պան Քի Մուն մտահոգութիւն յայտնեց եւ կոչ ուղղեց զօրակցելու Մինսքի խմբակի ջանքերուն: Քննարկուեցան միջազգային կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի դերակատարութիւնը, միջազգային խնդիրները, մտահոգիչ զարգացումները, հակամարտութիւններու, ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան երեւոյթները, ինչպէս նաեւ սուրիական խնդիրը: Հայաստանի նախագահը նաեւ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ, քննարկելու համար ղարաբաղեան զարգացումները: