Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հրաւէրով սարքուած՝ զանազան երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու պաշտօնական ընդունելութեան: Սարգսեան եւ Օպամա ունեցան կարճ զրոյց մը եւ քննարկեցին համընդհանուր նշանակութեան հարցեր: