Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Նիւ Եորք – Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ունեցաւ Իր Ելոյթը Մ.Ա.Կ.ի 70րդ Նստաշրաջանին

                                                                                   * ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ*

 Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս տարի եւս ՄԱԿի մօտ Հայաստանի դեսպան Պրն. Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ հրաւիրուած էին Ամերիկայի ազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, պաշտօնապէս ներկայ գտնուելու եւ ունկնդրելու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթը ՄԱԿի գլխաւոր Վեհաժողովի 70րդ նստաշրջանին։ 29 Սեպտեմբեր 2015ին, Երեքշաբթի օր, կէսօրէ ետք ժամը 3ին, վսեմաշուք նախագահը ունեցաւ իր ելոյթը Նիւ Եորքի ՄԱԿի կեդրոնէն ներս։

Ազգային մեր կազմակերպութիւնները կը ներկայացնէին հետեւեալ հոգեւորականներն ու ազգայիններ՝

Ամերիկայի Հայոց Թեմը` Մամիկոն Վրդ. Գիլեճեան (ներկայացնելով Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեանը, որ Էջմիածին կը գտնուէր Միւռոնօրհութեան առթիւ), Կիլիկեան Թեմի առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան, Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Տնօրէն Զաւէն Խանճեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչ Նուրհան Պեճիտեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արամ Յովակիմեան եւ ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Յակոբ Վարդիվառեան։

Ինչպէս նաեւ` ՀԲԸՄ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի ներկայացուցիչ Նազարէթ Ֆստըքճեան, Հայկական Համագումարի համանախագահ Վան Գրիգորեան, Վարդանանց Ասպետներու Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչ Հրանդ Կիւլեան, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տնօրէն Լիզա Ստեփանեան, Հայաստանի Օգնութեան Ֆոնտի ատենապետ Ռենտի Սապահ Կիւլեան, Դաւիթեան Հիմնադրամի նախագահ Ասօ Դաւիթեան եւ Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդարանի ներկայացուցիչ Տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեան։

Մօտ 25 վայրկեան տեւող ելոյթով նախագահ Սարգսեան ներկայացուց հիմնահարցերն ու մարտահրաւէրները Հայաստանի Հանրապետութեան։ Ան մանրամասնօրէն նշեց Ցեղասպանութեան Դարադարձի առթիւ ձեռք բերուած յաջողութիւնները Վատիկանի, եւրոպական ու հարաւ ամերիկեան զանազան երկիրներէն, Ղարաբաղեան հարցի խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը, Ազրպէյճանի զինուորական նախայարձակման պարագաները, տարածաշրջանի կայունութեան հիմնահարցը, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեանց անվտանգութիւնն ու խաղաղ զարգացումը, Մերձաւոր Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող անմարդկային դաժանութիւնները, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ ԱՄՆի միջուկային ծրագիրի շուրջ ձեռք բերուած պատմական նշանակութիւն ունեցող համաձայնութիւնը եւ այլ այժմէական հարցեր։

Նախագահ Սերժ Սարգսեանին կ’ընկերակցէին ՀՀ Արտգործ նախարար Պրն. Էտուարտ Նալպանտեան, ՀՀ Ուաշինկթընի մօտ դեսպան Պրն. Տիգրան Սարգսեան, ՀՀ ՄԱԿի մօտ մշտական ներկայացուցիչ Պրն. Զօհրապ Մնացականեան եւ նախագահի վարչակազմի գրասենեակի տնօրէն Պրն. Վիգէն Սարգսեան։

Նախագահի ելոյթէն ետք, ՄԱԿի կեդրոնէն ներս ամերիկահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն առիթ տրուեցաւ հանդիպում ունենալու նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ։ Ան տրուած հարցումներուն տուաւ լուսաբանութիւններ ինչպէս` վերջերս ազրպէյճանական կողմէ եղած նախայարձակման հետ կապուած մահերուն թիւին, ռուսական բանակին Հայաստանի մէջ եղող ուժին, ինչպէս նաեւ` անցեալ շաբաթավերջին Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած Միւռոնօրհնութեան արարողութեան մասնակիցներու հաւատքին կարեւորութեան։ Անդրադարձաւ նաեւ հայ զինուորին օգտակար ըլլալու անհրաժեշտութեան, կոչ ընելով ամերիկահայ բարեսիրական միութիւններուն եւ անհատ բարերարներուն՝ նկատի ունենալ հայ գինուորականին խնամատարական աջակցութիւնը։

Երեկոյեան նախագահ Սերժ Սարգսեան իր շքախումբով մեկնեցաւ մայրաքաղաք Ուաշինկթըն Տի Սի։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին