Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

ՀԱՊԿի Զօրավարժութիւն Հայաստանի Մէջ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Բաղրամեան զօրավարժարանին մէջ սկսաւ՝ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) «Անխախտելի եղբայրութիւն 2015» զինավարժութիւնը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 4 Հոկտեմբեր: Այս առումով Հայաստանի զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ զօրավար Եուրի Խաչատուրով յայտարարեց, որ այս հանգրուանին ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ խաղաղապահ ուժեր տեղակայելու անհրաժեշտութիւն չկայ: «Մենք կարողութիւն ունինք զսպելու սադրանքները: Մենք համարժէք պատասխան տուած ենք հակառակորդի խախտումներուն: Անոնք լուրջ կորուստներ ունեցած են», հաստատեց Խաչատուրով: Զօրավարը սակայն նշեց, որ ՀԱՊԿի երկիրներուն կողմէ մեկնաբանութեան հրապարակումը պիտի ըլլար ցանկալի: «Աւելի լաւ է խաղաղապահութեամբ զբաղիլ, քան պատերազմով», ըսաւ զօրավարը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին