Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Լիբանան – Փակում Հայր Վարդան Գազանճեանի Քրիստոնէականի Հանդիպումներուն

Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2015ի երեկոյեան ժամը 7ին տեղի ունեցաւ փակման հաւաքը, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի «Քրիստոնէականի Հանդիպումներ»ուն, որոնք սկսած էին ընթացիկ տարուան Յունիս 23ին, առ ի նախապատրաստութիւն Գթութեան տարուան:

Հայր Գազանճեան երեք ամիսներու վրայ տարածուած եւ 12 մասերէ բաղկացած դասախօսական այս շարքով ներկայացուց՝ գթութեան քրիստոնէական հասկացութիւնը, անոր իմաստն ու խորհուրդները՝ Աւետարանի վկայութիւններուն ընդմէջէն: Հանդիպումները տեղի ունեցան «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ, գործակցաբար ժողովրդապետութեան: Հանդիպումներուն մնայուն մասնակիցներու թիւը կազմեց շուրջ 65 հոգի:

Փակման հաւաքը զգեցաւ Աղօթքի երեկոյի բնոյթ: Անոր ընթացքին ընթերցուեցան հատուածներ՝ Աւետարանէն եւ Գթութեան տարուան առիթով Ֆրանչիսկոս քահանայապետի «Գթասրտութեան դէմքը» հովուական թուղթէն, ինչպէս նաեւ դիտաւորական խօսքեր. հնչեցին կրօնական երգեր եւ աղօթքներ: Հաւաքին ներկայ եղան Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Պերճ Սապէ, եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետները, Զմմառեան միաբաններ եւ ժառանգաւորներ:

Եզրափակիչ իր խօսքին մէջ, Հայր Վարդան վեր բերաւ գթութիւնը միշտ կիրառումի ենթարկելու կարիքն ու անհրաժեշտութիւնը, որպէս քրիստոնեայ մարդու կեանքի ամենաէական նկարագիր: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ անոնց, որոնք օժանդակեցին հանդիպումներու կայացման: Հայր Վարդան հաղորդեց, որ ընթացիկ տարուան Դեկտեմբեր 8ին պիտի կայանայ առաւել ընդլայնուած հաւաք մը, նշելու համար Գթութեան տարուան սկիզբը՝ Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքին մէջ:

Սոյն երեկոյին հանդիպումներու մասնակցութեան վկայագիրներ ստացան 35 հաւատացեալներ, որոնք նուազագոյն բացակայութիւններով ներկայ եղած էին 12 հանդիպումներուն:

Կը նախատեսուի, որ յառաջիկային Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի դասախօսութիւնները սփռուին՝ «Նուր ալ Շարք» հեռատեսիլի կայանի Լոյս Զուարթ յայտագիրէն:

fb75

 

fb92

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին