Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Լիբանան – Մեսրոպեանի Աշակերտները Ստացան Delf Քննութիւններու Յաջողութեան Վկայականները

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Ինչպէս ծանօթ է անցեալ տարեշրջանին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը սկիզբ դրած էր DELF քննութիւններու մասնակցութեան: Սոյն քննութիւններով աշակերտները կը պատրաստուին Ֆրանսայի եւ ֆրանսախօս երկիրներու մէջ դիւրացուած կարգով համալսարաններ ընդունելութեան:

DSC_0126

DELF քննութիւններուն Մեսրոպեան վարժարանէն առաջին մասնակցողները եղած էին Դ. Եւ Զ. դասարաններու աշակերտները, 2014-2015 տարեշրջանին: Յաջողութիւն արձանագրած էին բոլոր մասնակիցները անխտիր, որոնց մեծ մասը գերազանց գնահատականներով:

30 Սեպտեմբեր 2015-ին Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, Ֆրանսական դեսպանատունէն ստացուած DELF-ի A1 եւ A2 կարգի վկայականները յանձնեց աշակերտներուն: Ան գնահատեց աշակերտներուն յաջողութիւնը եւ շեշտեց, որ աշխատանքները պէտք է շարունակուին, առ ի պատրաստութիւն աւելի բարձր կարգերուն մէջ նոյն քննութիւններու մասնակցութեան:

DSC_0111

Պարոն տնօրէնը յայտնեց, որ Մեսրոպեանի մէջ պիտի ամբողջանայ DELF քննութիւններու մասնակցութեան ծրագիրը՝ այնպէս, որ աւարտական դասարանի աշակերտները պատրաստուին DELF B2-ին: Այդպիսով անոնք կրնան մուտք գործել ֆրանսական եւ ֆրանսախօս երկիրներու համալսարաններ՝ առանց ֆրանսերէնի մուտքի քննութեան:

DSC_0138

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին