Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Ելեկտրականութեան Սակը Մէկ Տարի Պիտի Մնայ Անփոփոխ. ՀԷՑը Կը Վաճառուի «Տաշիր»ին

«Տաշիր» եւ «Ինթեր Ռաօ» ընկերութիւնները համաձայնագիր ստորագրած են, Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան բաժնետոմսերու վաճառքի մասին: Գործարքը արդէն հաստատուած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ եւ կ՛աւարտի Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի որոշումէն ետք: Կողմերը նաեւ քննարկած են, որ «Հայաստանի էլեկտրական ցանցեր» ՓԲԸ ն եւ «Հրազդան Ջէկ»ը պիտի շարունակեն կատարել իրենց պարտականութիւնները ամբողջութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի մամուլի ծառայութենէն:

«Տաշիր» ընկերութիւնների խումբը լիովին ընդունում է պարտաւորութիւնները «Հայաստանի էլեկտրական ցանցեր»ի կառավարման հետ կապուած: Յետագայ ծրագրերում նախատեսուած է հակաճգնաժամային ծրագրերի իրականացում եւ «Հայաստանի էլեկտրական ցանցեր» ՓԲԸի ֆինանսատնտեսական գործունէութեան վերահսկողութեան ամրապնդում», յայտարարած է ընկերութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան աջակցելու նպատակով որոշում ընդունուած է, յաջորդ տարուան ընթացքին սեփական միջոցներու հաշուին` ՀՀ կառավարութեան հետ հաւասարութեան սկզբունքով, փոխհատուցել բարձրացուած եւ մինչեւ 2015ի Օգոստոս 1ը գործող սակագինի տարբերութիւնը` բնակչութեան եւ փոքր գործարարութեան համար:

«Մենք «Տաշիր» ընկերութեան հետ պայմանաւորուած ենք այնպիսի պայմաններով գործարք իրականացնել, որոնք հաշուի կ’առնեն բաժնետոմսերու իրական արժէքը: Այդպիսի մօտեցումը հնարաւորութիւն պիտի տայ կողմերուն հասնելու առաւելագոյն տնտեսական արդիւնքի», յայտարարած է «Ինթեր Ռաօ»ի խորհուրդի նախագահ Պորիս Քովալչուկը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին