ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
Երկուշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտուն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանը իր դռները լայնօրէն բացաւ դիմաւորելու համար 2015-2016 կրթական տարեշրջանը:
Հին ու նոր աշակերտներու ներկայութեամբ կրթական նոր տարեշրջան մը սկիզբ առաւ վարժարանիս շրջափակէն ներս: Խմբային աղօթքին յաջորդեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու երգեցողութիւնը: Ապա խօսք առաւ տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր աշակերտներուն, նոր աշակերտներուն մաղթելով նաեւ, որ այս կրթօճախը դառնայ իրենց երկրորդ հարազատ տունը: Տնօրէնուհին խրախուսեց աշակերտները ըլլալու գիտակից հայորդիներ եւ եղբայրասէր անհատներ, ինչպէս նաեւ դառնալու տիպար օրինակներ իրենց միջավայրին մէջ եւ ի պահանջեալ հարկին ուղղելու իրենց հարազատները եւ շրջապատը:
Ս. Խաչ- Հարպոյեանի տնօրէնուհին կոչ ուղղեց 9-րդ դասարանի աշակերտներուն չշլանալու պետական քննութիւններուն իրենց արձանագրած 100 տոկոս յաջողութեամբ, այլ այդ մէկը խթանիչ ուժի վերածելով ամէն ջանք գործադրելու՝ լաւագոյն արդիւնքներ ապահովելու համար, հաւատալով որ պայքարով կարելի է ամէն երազ իրականութեան վերածել:
Տիկ. Պոյաճեան նշեց նաեւ, որ այս սերունդը տակաւին կը շարունակէ կոչուիլ 100-ամեակի սերունդ, որուն կոչումին յանձնառու պիտի մնայ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի իւրաքանչիւր աշակերտ:
Այնուհետեւ, 12-րդ դասարանի աշակերտուհի Սելին Տէր Փիլիպոսեան ներկայացուց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրին մասնակիցները: Քրիսթինա Սրապոնեան ելոյթ ունեցաւ «Լուսաբաց» ասմունքով, եւ Նժդեհ Պոտրումեան ազգային եւ հայրենասիրական երգերու շարքով ճոխացուց վերամուտի հանդիսութիւնը:
Աւարտին, 12-րդ դասարանի աշակերտ Յովսէփ Եուսէֆ խօսք առնելով ըսաւ, թէ «Ս. Խաչ-Հարպոյեանը անգամ մը եւս իր դռները բացաւ հայ մանուկը իր տաքուկ գրկին մէջ առնելո»ւ: Ան նշեց, որ թէեւ թուրքը փորձեց մեզ բնաջնջել, բայց մենք յաղթանակած ենք քանի որ տակաւին ունինք հայ դպրոցներ, կը խօսինք ու կþերգենք հայերէն:
Հայ ազգի գոյութեան ու յարատեւութեան ջահը, որ տարիներէ ի վեր աւագ սերունդներէն կը փոխանցուի նորահաս սերունդներուն, այսօր անմոռուկ ծաղիկի չորս գոյներով եւ հայուն ազատատենչ հոգին խորհրդանշող փուչիկներով դէպի երկինք սլացան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն ձեռամբ, իբրեւ երդում՝ Հայ դատին պաշտպան կանգնելու հայ աշակերտին անզիջող պատրաստականութեան:
Մաղթենք որ նոր թափով ու խանդավառութեամբ սկիզբ առած կրթական նոր տարեշրջանը ունենայ հեզասահ ընթացք եւ յաջող աւարտ մը: