Մինչ Եւրոպայի թէ այլ երկիրներու դպրոցական դասագիրքերուն մէջ, շատ ջնջին կերպով կը սկսի նշուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, Թուրքիա Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու իր հակահայ քաղաքականութիւնը թրքավարիօրէն կատարելագործելով, համացանցի եւ տեղեկատուական հոսքի այս դարուն, իբր հակադարձութիւն այսպիսի քայլերու կը դիմէ՝ ի սկզբանէ ըստ հնարաւորին թունաւորելու իր նոր սերունդին մատղաշ միտքերը։
Ահաւասիկ այսպիսի ստորին խորամանկութիւն կիրառող մտածելակերպով հակառակորդի մը հետ է մեր գործը, որ մեզի շատ խորը մտածելու եւ անոր դէմ լաւապէս կազմակերպուած հակաքայլեր առնելու պէտք է մղէ։
«Խմբ.»
Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան կրթական ծրագրին համաձայն` միջնակարգ դպրոցի 8րդ դասարանին մէջ կը դասաւանդուի «Յեղափոխութեան պատմութիւն եւ քեմալիզմ» նիւթը: Համանուն դասագիրքը լոյս տեսած է 2014 թուականին եւ նախարարութեան որոշմամբ 5ամեայ ժամկէտով ներառուած պիտի ըլլայ հանրակրթական ծրագրին մէջ, կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Թրքական «Ռատիքալ» թերթի կայքի տեղեկացմամբ` այդ դասընթացքի ծիրէն ներս հայերը կը ներկայացուին որպէս «թշնամական ուժերու հետ համագործակցութեան մէջ մտած ազգային փոքրամասնութիւն»:
Թրքական դասագիրքին մէջ կը նշուի, թէ իբր հայերը արտաքսուած են միայն կովկասեան ճակատի մերձակայ բնակավայրերէն, քանի որ այդ ճակատին վրայ համագործակցած են հակառակորդ ռուսերու հետ ու թիկունքէն հարուածած թրքական բանակը:
«Հակառակ Թալէաթ փաշայի անձնական գրառումներէն («Evrak ı metruke») պարզ կը դառնայ, որ հայերը իրականութեան մէջ տեղահանուած են աւելի ընդարձակ տարածքներէ, բայց ամբողջ դասագիրքին մէջ կը գերիշխէ այն թեզը, թէ անոնք տեղահանած են միայն Կովկասեան ճակատին յարակից բնակավայրերու հայերը», նկատել տուած է «Ռատիքալ»ը:
Դասագիրքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կոծկելու եւ արդարացնելու փորձ կ՛ըլլայ, Ցեղասպանութիւնը կը բնութագրուի որպէս տեղահանութիւն` ռազմական իրադրութենէն յառաջացած անվտանգութեան նկատառումներով անհրաժեշտութիւն: Իսկ Ապրիլ 24ին հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւնը Սթամպուլի մէջ, կը ներկայացուի որպէս հայ յեղափոխական առաջնորդներու ձերբակալութիւն:
Ընդհանուր առմամբ դասագիրքին մէջ հայերու մասին կը պատմուի որպէս դաւաճան, թշնամիին կողմը անցած ու առաջին համաշխարհային պատերազմի իրադրութիւնը պատեհ առիթ դարձուցած եւ նախայարձակ եղած ազգային փոքրամասնութիւն: