Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Հակառակորդը Ակնայի Ուղղութեամբ Մէկ Տասնեակէ Աւելի Զոհեր եւ Վիրաւորներ Տուած է

ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը (ՊՆ) հերքած է Ազրպէյճանի կրակային հարուածներուն իբրեւ արդիւնք՝ եօթ հայ զինուորական ծառայողի մահուան մասին Ազրպէյճանի ՊՆի տարածած յայտարարութիւնը:

«Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր իրենց զինուժի թիրախային կրակային հարուածների հետեւանքով եօթ հայ զինծառայող է սպաննուել, իրականութեանը չի համապատասխանում:

ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարում է, որ ի պատասխան ազրպէյճանական զինուժի նախայարձակ գործողութիւնների, ՊԲ առաջապահ զօրամասերը դիմել են պատժիչ քայլերի, ինչի արդիւնքում հակառակորդը Ակնայի ուղղութեամբ տուել է մէկ տասնեակից աւելի զոհեր եւ վիրաւորներ:

Պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չի տուել», ըսուած է ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին