Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Սահմանային Հրետակոծութիւնները Անցեալ Շաբաթ Մրցանիշային Եղան

Ազրպէյճանական զինուժի կողմէ թրքական արտադրութեան TR-107 կայանքներէն հրթիռահրետանային արկակոծման ենթարկուեցաւ՝ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի (ՊԲ) հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասը, որուն իբր արդիւնք բեկորային մահացու վիրաւորում ստացան ՊԲ զինծառայողներ Նորայր Միքայէլ Խաչատրեանը (ծնած 1995ին), Ռոբերտ Սուրէն Մկրտչեանը (ծնած 1995ին), Յարութ Մաքսիմ Յակոբեանը (ծնած 1997ին)  եւ Կարէն Գէորգ Շահինեանը  (ծնած 1997ին): Կան վիրաւորներ:

ԼՂՀ  ՊԲ  մամուլի ծառայութենէն յայտնեցին, որ դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կիսեց կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց մահացած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Նշենք, որ հակառակորդը վերջին օրերուն բուռն կերպով կը խախտէ հրադադարը հայ-ազրպէյճանական սահմանին եւ շփման գիծին վրայ:

Աւելի կանուխ Տաւուշի սահմանամերձ բնակավայրերու գնդակոծման հետեւանքով 3 խաղաղ բնակիչներ զոհուած էին, երկուքը Բերդաւանէն իսկ մէկը Պառաւաքարէն: 3 զոհերը կանայք են, երկուքը տարեց իսկ մէկը 41 տարեկան: Կան 4 վիրաւորներ: Անոնցմէ երեքը տակաւին հիւանդանոց կը գտնուին, մէկը դուրս եկած է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին