Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

Շահան Սրբազան. «Թուրքիոյ Սահմանակից Ըլլալը Եւ Շարունակել Ներկայութիւնը Հերոսական Է Սուրիահայերուն Համար»

«Այսօր ճիշդ է քաղաքական եւ ռազմական փոփոխութիւնները նոր իրավիճակ կը ստեղծեն, մենք անորոշութեան մէջ ենք, բայց յուսադրուած ենք, որ Հայրենիքն ու Սփիւռքը միասնաբար պիտի շարունակեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը», «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» փորձագիտական համաժողովի ժամանակ՝ ըստ panorama.am-ի ըսաւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբազան Արք. Սարգիսեան:

Ան ներկայացուց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ծիրէն ներս՝ ինչպիսի ձեռնարկներ իրականացած են Սուրիոյ մէջ:

Սրբազանը նշեց, որ Տէր Զօրը որպէս յուշահամալիր, կառոյց քանդուեցաւ, եկեղեցիներ քանդուեցան եւ այրուեցան, կան տարածաշրջաններ, որոնք հայաթափուած են, բայց Սուրիոյ մէջ ապրող սուրիահայերը պիտի շարունակեն իրենց ստեղծագործ ներկայութեամբ պահանջատէր ըլլալ:

«Ամենակարեւորը` Թուրքիոյ սահմանակից ըլլալը եւ շարունակել ներկայութիւնը իսկապէս հերոսական է սուրիահայերուն համար», ըսաւ Շահան Սրբազան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին