27 Սեպտեմբերին` Վարագայ Ս. Խաչի տօնին օրը, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ 21-րդ դարու երրորդ Միւռոնօրհնէքը:
Միւռոնօրհութեան սրբազան արարողութեան ներկայ էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեան, ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Սահմանադրական Դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, Հայոց Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու ներկայացուցիչներ, թեմակալ առաջնորդներ ու թեմական պատուիրակութիւններ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ, ՀՀ կառավարութեան անդամներ, ազգային բարերարներ, մշակոյթի եւ գիտութեան գործիչներ եւ Հայաստանէն ու աշխարհասփիւռ համայնքներէն ժամանած բազմահազար ուխտաւոր հայորդիներ:
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ այս կարեւոր պատմական իրադարձութեան, Հայոց Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասին եւ համայն հայ ժողովուրդին աղօթակից էին՝ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Հնդիկ Մալապար Եկեղեցւոյ, Աղեքսանդրիայի եւ Համայն Ափրիկէի Յոյն Ուղղափառ Պատրիարքութեան, Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Պատրիարքութեան, Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Սերպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Ռումանիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Կիպրոսի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Չեխիայի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Ալպանիայի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Անկլիգան Եկեղեցւոյ, Ֆինլանտայի Լուտերական Եկեղեցւոյ, Սան Էճիտիօ համայնքի եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի պատուիրակներն ու ներկայացուցիչները:
Արարողութիւնը սկսաւ երեկոյեան ժամը 5:00ին: Տէրունական աղօթքէն յետոյ Հայրապետական հանդիսաւոր թափօրը, Մայր Տաճարի Իջման Ս. Սեղանի առջեւէն շարժեցաւ դէպի Մայր Աթոռի Ս. Տրդատ արքայի անունը կրող Բաց Խորանը: «Խորհուրդ խորին» եւ «Ուրախ լեր» շարականներու երգեցողութեան եւ Մայր Տաճարի զանգերու աւետաբեր ղօղանջներու ներքոյ, խաչերու եւ խաչվառներու առաջնորդութեամբ, ուխտաւորներուն ծափողջոյններու ուղեկցութեամբ Ամենայն Հայոց Հայրապետը օրհնելով ներկայ ժողովրդը, ամպհովանիի ներքոյ ուղղուեցաւ դէպի Բաց Խորան:
Վեհափառ Հայրապետին ընթերականներն էին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը:
Հայրապետական թափօրի մէջ կը տարուէին Միւռոնօրհնութեան արարողութեան ժամանակ գործածուող սրբազան մասունքները, Սկեւռայի մասանց պահարանի կրկնօրինակը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու մասանց պահարանը, Սրբալոյս Միւռոնի նիւթերը եւ այլ սրբութիւններ: Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանը կը կրէր Կենաց Փայտի մասունքով խաչը, Արցախի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը Ս. Գեղարդը, ԱՄՆ Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը կը կրէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը, ԱՄՆ Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը Ծաղկանց նիւթի սափորը, Արարատեան Հայրապետական թեմի Առաջնորդական փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանը Բալասանի սափորը, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեանը` Մ. Մաշտոցի անուան Մատենադարանի պահոցէն այս առիթով դուրս բերուած Վեհափառի Աւետարանը, Գերաշնորհ Տ. Փառէն արքեպիսկոպոս Աւետիքեանը Ս. Անդրէաս առաքեալի մասունքով Աջը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը` Ս. Ղուկաս Աւետարանիչի մասունքով Աջը, Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանը` հին Միւռոնով Միւռոնաթափ մեծ աղաւնին, Հարաւային Ռուսաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մովսէս եպիսկոպոս Մովսիսեանը կը կրէր Ս. Թադէոս առաքեալի մասունքով Աջը:
Զոյգ բուռվարակիրներ Հոգեշնորհ Տ. Նարեկ վարդապետ Աւագեանի եւ Հոգեշնորհ Տ. Ռուբէն աբեղայ Զարգարեանի առջեւէն, եկեղեցական շապիկով կը քայլէր Ս. Միւռոնի կնքահայրը` Մայր Աթոռի բարերար տիար Հայկ Թիթիզեանը:
Մայր Տաճարի երգչախումբը «Հրաշափառ» շարականի հանդիսաւոր կատարումով, Բաց Խորանի մատոյցներուն վրայ դիմաւորեց Հայրապետական թափօրը, ապա միասնական Տէրունական աղօթքով սկսաւ Միւռոնօրհնութեան խորհրդաւոր արարողութիւնը:
Սկզբը «Որ զշնորհս» շարականի երգեցողութեան ներքոյ, բուրվառակիրները խնկարկեցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորած եպիսկոպոսաց դասը եւ Սրբալոյս Միւռոնի կաթսան, ապա Հին ու Նոր Կտակարաններէն հատուածներ եւ Ս. Միւռոնին նուիրուած աղօթքներ ընթերցուեցան:
Աւետարանական ընթերցումէն ետք հնչեց «Բաց մեզ Տէր» շարականը, որուն ընթացքին խորան հրաւիրուեցաւ Միւռոնի կնքահայր տիար Հայկ Թիթիզեանը, որ Մայր Աթոռի լուսարարապետ Գերաշնորհ Տ. Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանի հետ բացաւ Ս. Միւռոնի կաթսան:
Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Միւռոնի կաթսայի մէջ յեղեց ծաղկանց նիւթը եւ բալասանը, որմէ յետոյ ձեռամբ Նորին Սրբութեան կաթսայի մէջ լեցուեցաւ նաեւ Անթիլիասի մէջ օրհնուած նոր Միւռոնը, որ Վեհափառ Հայրապետին մատուցած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Գերաշնորհ Տ. Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեանը:
Սրբազան Աւանդութեան համաձայն` «Առաքելոյ աղաւնոյ» շարականի երգակցութեան ներքոյ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեռոնաթափ աղաւնիով կաթսայի մէջ յեղեց նաեւ հին Միւռոնը` նորին փոխանցելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռքով օրհնուած սրբալոյս Միւռոնի զօրութիւնը:
Նորին Սրբութիւնը օրհնեց նոր Միւռոնը, տեառնագրեց եւ խառնեց նաեւ Կենաց Փայտի մասունքի խաչով, Աստուածամուխ Ս. Գեղարդով եւ հայոց հաւատքի հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջով։
Այնուհետեւ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն եւ համայն հայութեան, որմէ ետք «Էջ Միածինն ի Հօրէ» շարականի ներքոյ Նորին Սրբութիւնը, եպիսկոպոսաց դասը եւ Միւռոնօրհնութեան կնքահայրը համբուրեցին նորօրհնեալ Միւռոնի կաթսան:
Արարողութիւնը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով, ապա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ս. Գեղարդով օրհնեց ներկաները:
Ուխտաւոր ժողովուրդին եւ Քրիստոնէական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հնարաւորութիւն տրուեցաւ՝ հպելու Ս. Միւռոնի կաթսային եւ ստանալու նոր Միւռոնի օրհնութիւնը:
Միւռոնօրհնութեան արարողութեան աւարտին թափօրը Հայրապետական մաղթերգի ներքոյ ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճար: