Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Հայոց Բանակը Հակահարուած Տուած է Ազերիներուն Անոնցմէ Հինգ Զինուորներ Սպաննելով

Հայաստանի սահմանամերձ Տաւուշի մարզի բնակավայրերուն մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է, հայ-ազրպէյճանական սահմանին հակառակորդի կողմէ հրադադարի խախտման դէպքերը նուազած են:

Հայկական զինուած ուժերու պատասխան գործողութիւններու իբր արդիւնք, հնարաւոր եղած է զսպել հակառակորդի աշխուժութիւնը հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ:

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան  տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն «Արմէնփրես»ին յայտնած են, որ հայկական կողմը զինուորական զոհեր եւ վիրաւորներ չունի:
Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն` հայկական զինուած ուժերը յաջողած են նաեւ ոչնչացնել հայկական Պառաւաքար համայնքի դիմաց գտնուող ազրպէյճանական յենակէտերէն մէկը, ուրկէ հակառակորդը կրակ բացած էր հայկական գիւղի ուղղութեամբ: Հայկական զինուժի պատասխան գործողութիւններու արդիւնքով 5 ատրպէյճանցի զինծառայող սպաննուած է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին