Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Կառավարութիւնը Հաստատեց 2015-2018 Թուականներու Կաշառակերութեան Դէմ Պայքարի Ռազմավարութիւնը

Կառավարութիւնը հաստատեց ՀՀ կաշառակերութեան դէմ պայքարի (հակակոռուպցիոն) ռազմավարութիւնը եւ անոր 2015-­2018 թուականներու իրականացման ծրագիրը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»­ը, ՀՀ արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան կառավարութեան նիստին նշեց, որ ըստ ռազմավարութեան առաջնահերթութիւնը պիտի  տրուի չորս ոլորտներու եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի միջոցներ պիտի իրականանան: «Դրանք են առողջապահութիւնը, կրթութիւնը, պետական եկամուտների հաւաքագրումը եւ ոստիկանութեան կողմից քաղաքացիներին մատուցուող ծառայութիւնը»,­ ըսաւ նախարարը:

Միաժամանակ հանրապետական գործադիր մարմիններու ղեկավարներուն յանձնարարուեցաւ, օրէնքով ստեղծուած մարմիններու ղեկավարներուն առաջարկել՝ իւրաքանչիւր տարուան աւարտէն ետք մէկամսեայ ժամկէտի մէջ, ՀՀ կաշառակերութեան դէմ պայքարի ռազմավարութեան ուսումնասիրող յանձնաժողովին ներկայացնել տարեկան հաշուետուութիւն՝ սոյն որոշմամբ հաստատուած ծրագրին մէջ ներառուած միջոցառումներու ընթացքի մասին:

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ, կաշառակերութեան դէմ պայքարի նոր խորհուրդի առաջին նիստը տեղի ունեցած էր 2015

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին