Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Լիբանան – Վերամուտը Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

23 Սեպտեմբերին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ նշուեցաւ վերամուտի օրը:

Աշակերտութեան եւ ծնողներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ, վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ բոլորին մաղթեց, որ նոր տարեշրջանը ըլլայ խաղաղ եւ արդիւնաբեր ու լաւագոյնս օգտագործուի յօգուտ կրթութեան եւ գիտութեան: Տնօրէնը ըսաւ, որ Մեսրոպեանի ուշադրութեան կեդրոնը աշակերտն է, անոր զարգացման առընչուող բոլոր կարիքներով ու խնդիրներով: Ան շեշտեց, որ սէրը, նուիրումը եւ ժամանակը միշտ տրամադրելի պիտի մնան Մեսրոպեանի աշակերտներուն, որպէսզի անոնք սորվին հաւատալ իրենց ուժերուն եւ այդ ճամբով հասնին իրենց լինելութեան:

Վերամուտի հաւաքին ներկայ եղան Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետներ Հայր Ղազար Պետրոսեան եւ Հայր Խաչիկ Գույումճեան: Հայր Ղազար այս առիթով ըսաւ, որ մանուկները ամենասիրելին էին Յիսուս Քրիստոսի համար, որովհետեւ Քրիստոս անոնց մէջ մարդոց դիտել կու տար պարզութիւնն ու հաւատքը, զոր Աստուած կ՛ուզէ բոլորէն: Հայր Ղազար աւելցուց, որ մանուկները սիրելի էին նաեւ անոր համար, որ կը ներկայանային որպէս երազներ ու իտէալներ ունեցող էակներ, որոնց հանդէպ հասուն մարդիկ ունին յստակ պարտաւորութիւն՝ կենդանի օրինակներ դառնալու բոլոր առաքինութեանց:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին