Երէկ՝ Սեպտեմբեր 27ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ Միւռոնօրհնէքի սրբազան արարողութիւնը: Արարողութեան ժամանակ իր դերակատարումը կ´ունենայ նաեւ միւռոնօրհնէքի կնքահայրը` «Միւռոնի կնքահայրը»:
Թէ ինչպէ՛ս կ´ընտրուի «Միւռոնի կնքահայրը» եւ ի՞նչ է անոր առաքելութիւնը, «Հայերն Այսօր»ի լրագրող Գէորգ Չիչեանին հետեւեալը տեղեկացուցած է Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգը:
Սրբազան աւանդութեան համաձայն, երբ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչը Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն կատարեց, Միւռոնի կնքահայրութեան պատիւը շնորհեց հայոց Տրդատ արքային, որ ստանձնեց հայութեան համար պատրաստուած հրաշազարդ իւղի պաշտպանութիւնն ու հովանաւորութիւնը:
Հայ Եկեղեցւոյ որոշ արարողակարգեր, ինչպիսին Ջրօրհնէքն է կամ Միւռոնօրհնէքը, ունին իրենց «Կնքահայրերը»: Ջրօրհնէքի կնքահօր կ´անուանեն «Խաչի կնքահայր», իսկ Միւռոնօրնէքի կնքահօրը`«Միւռոնի կնքահայր»: Վերջին շրջանին այս երկու արարողութիւններու կնքահայրերը եկեղեցանուէր աշխարհականներ են` ի նշան հաւատացեալ ժողովուրդի աղօթքներուն: Կնքահայրը ունի իր կարեւոր դերակատարութիւնը Միւռոնօրհնէքի ընթացքին: Միւռոնօրհնէքի թափօրին մէջ` անմիջապէս Հայրապետին առջեւ, ծիսական մետաքսէ շապիկով կը քալէ կնքահայրը, որ սովորաբար բարձրանալով Բեմ, կ´օգնէ բանալու Կաթսան:
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը սովորաբար տեղի կ´ունենայ 7 տարին մէկ: Միւռոնօրհնէքը կը կատարէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, իսկ Միւռոնի Կնքահայրը կը ներկայացնէ համայն հայութիւնը: Ջրօրհնէքի արարողութիւնը, ի տարբերութիւն Միւռոնօրհնէքի, տեղի կ´ունենայ հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, եւ իւրաքանչիւր Եկեղեցի ունի Խաչի իր կնքահայրը: Խաչի կնքահայր կ´ընտրուին եկեղեցական համայնքի ամենատարբեր խաւի մարդիկ, որոնք տարուան ընթացքին իրենց մասնաւոր զօրակցութիւնը կը բերեն տուեալ եկեղեցւոյ առաքելութեան, կ´աջակցին հոգեւոր հովիւին` կեանքի կոչելու անոր կողմէ նախաձեռնած եկեղեցաշէն ծրագիրները:
Միւռոնի կնքահայրը կ´ընտրուի` հաշուի առնելով ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ անոր ունեցած աւանդը: Կնքահայրութիւնը նաեւ Եկեղեցւոյ գնահատանքն է՝ ազգային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս տուեալ անձի ունեցած կարեւոր աւանդին ու վաստակին:
2015 թուականի Միւռոնի կնքահայր ընտրուած է Մայր Աթոռի բարերար գանատահայ Հայկ Թիթիզեանը:
Ի դէպ 2015 թուականին նախորդող երկու Միւռոնօրհնէքներուն կնքահայր եղած են՝ արժանթինահայ բարերար Էտուարտօ Էռնեկեանը (2001ին) եւ ամերիկահայ բարերար Սարգիս Պետեւեանը (2008ին):